ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԴԱՆԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Դանիա-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Հ. Մայքըլ Թոմսենը եւ կազմակերպութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, որոնց ուղեկցեցաւ գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց իր գնահատանքը կազմակերպութեան պատասխանատուներուն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ երկարամեայ համագործակցութեան եւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած կրթական ու մարդասիրական ծրագրերու առնչութեամբ։ Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ կիրակնօրեայ վարժարաններու կազմակերպութեան ցուցաբերուած աջակցութեան՝ կարեւորելով նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան ու հաւատքի զօրացման ուղղեալ ջանքերը։
Իր կարգին, Հ. Մայքըլ Թոմսըն շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան մշտական զօրակցութեան համար, ներկայացուց կազմակերպութեան կողմէ ձեռնարկուած ծրագրերու ընթացքը եւ անոնց շարունակականութեան ուղղեալ քայլերը։