ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՅԵՏՍ ԿՈՉԵԼ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ԶԵԿՈՅՑԸ

«Christian Solidarity International» կազմակերպութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի ետ կանչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերեալ զեկոյցը։ Յիշեալ միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ եկեղեցւոյ առաջնորդը փոխարինելու համար առաջարկուած ուղին կը խախտէ կրօնական ինքնավարութիւնը։

Զուիցերիոյ մէջ տեղակայուած, քրիստոնէական իրաւունքներու պաշտպանման հետամուտ այս խումբը նախընթաց օր հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով մերժեց զեկոյցի եզրակացութիւնները եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը մեղադրեց՝ եկեղեցին պետական վերահսկողութեան տակ առնելու փորձով։ Միեւնոյն ժամանակ, կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոմիութեան եւ Եւրոխորհուրդին, որպէսզի ճնշում գործադրեն Հայաստանի կառավարութեան վրայ։ Այդ ճնշումով պահանջուած է, որպէսզի Հայաստանի կառավարութիւնը դադրի միջամտել եկեղեցւոյ ներքին գործերուն։

Անցեալ շաբաթ վարչապետ Փաշինեանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած զեկոյցը կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան վերաբերեալ 16 եզրակացութիւն՝ ներառեալ ելմտական չարաշահումներու, կամայական կարգապահական գործողութիւններու եւ արտաքին ազդեցութիւններու վերաբերեալ պնդումները։ Այդ զեկոյցը կը ներկայացնէ հնգաստիճան ծրագիր մը՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հեռացնելու եւ անոր յաջորդը ընտրելու համար։ Վարչապետի գրասենեակը նշած էր, որ զեկոյցը չի վիճարկեր եկեղեցւոյ կանոնական կեանքը եւ բարեփոխումներու եկեղեցւոյ իսկ իրականացումը։

«Christian Solidarity International»ը վիճարկած է թէ՛ զեկոյցի ապացոյցները եւ թէ այդ մէկը կազմելու կառավարութեան իրաւասութիւնը։ Խումբը նշած է, որ փաստաթուղթը մեծապէս կը յենուի, լրատուական հրապարակումներու, ընկերային ցանցերու գրառումներու եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընդդիմացող հոգեւորականներու պնդումներուն վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, այնտեղ ներկայացուած են նուազ առաջնային ապացոյցներ։ «Christian Solidarity International»ի յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ քրէական վարոյթներու առջեւ կանգնած հոգեւորականներու դէմ մեղադրանքներու հրապարակումը կրնայ նախապէս վնասել անոնց արդար դատաքննութեան իրաւունքը։ Այս բոլորը վերոյիշեալ միջազգային խումբի գնահատականներն են։ Յայտարարութիւնը չէ հաստատած, թէ զեկոյցին մէջ տեղ գտած մեղադրանքները ճիշդ են կամ ոչ։ «Պետութիւնը որեւէ դեր չունի կաթողիկոսը հեռացնելու կամ փոխելու հարցին մէջ», ըսուած է խումբի նախագահին՝ Ճոն Այպների կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ։

Զեկոյցը Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի միջեւ երկարատեւ դիմակայութեան վերջին իրադարձութիւններէն մին է։ Վարչապետը բազմիցս կոչ ուղղած է, որ եկեղեցւոյ առաջնորդը պէտք է հրաժարի։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ նաեւ կը մեղադրուին՝ դատարանի որոշման չենթարկուելու մէջ։ Այսպէսով ժամանակաւորապէս պիտի վերականգնուի կարգալոյծ եպիսկոպոսի մը պաշտօնավարումը։ Եկեղեցին այս գործը որակած է՝ որպէս իր գործերուն ապօրինի միջամտութիւն։

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի դիմադրութիւնը օրէ օր կ՚ունենայ զգայացունց դրսեւորումներ։ Վարչապետի աշխատակազմին կողմէ վերջերս հրապարակուած զեկոյցը, որով մեկնարկ կը դրուէր՝ Հայաստանի այժմու կառավարութեան ծրագրին մէջ տեղ գտած՝ կաթողիկոսը գահընկէց ընելու գործնական նպատակին։ Այդ զեկոյցի հրապարակումը խնդիրները վերստին բորբոքած է՝ աչալուրջ շրջանակներուն պատճառելով չափազանց մտահոգութիւն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2026