ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Սա հաւաքական մկրտութեան արարողութիւն մըն էր, որ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ Եւրոպայի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսպէս, Հռոմի Ս. Վլաս եկեղեցւոյ մէջ, Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ մկրտուեցաւ հինգ երիտասարդ։ Հայաստանէն բարձրագոյն ուսում ստանալու համար Իտալիա մեկնած հինգ ուսանող երիտասարդներու կնքահայրերը եղան այլ հինգ երիտասարդներ, որոնք Հռոմի մէջ եկեղեցական կեանքին գործօն մասնակցութիւն կը բերեն եւ իրենց ջանքերով կ՚ապահովեն աշխուժութիւն եւ կենսունակութիւն։
Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան Սրբալոյս Միւռոնով դրոշմեց հինգ մկրտեալ երիտասարդը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնը։
Հաւաքական մկրտութենէն վերջ, «Russicum» քահանայապետական քոլէճի համալիրէն ներս սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Բացօթեայ տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ անցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան օրհնութեան խօսքով մը դիմեց ներկաներուն։