ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելութիւն մը տուաւ՝ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ ապօրինաբար տնային կալանքի տակ կը գտնուի: Վեհափառ Հայրապետը մեծանուն հայորդիին փոխանցեց Սուրբ Էջմիածնիօրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքներ յղեց, որպէսզի տոկունութեամբ ու հաւատքով դիմագրաւէ առկայ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները: 

Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ հակառակ այս նեղութիւններուն՝ Սամուէլ Կարապետեան հաստատակամութեամբ, հայրենասէր եւ եկեղեցասէր իրեն բնորոշ ոգիով պիտի շարունակէ ազգօգուտ իր ծանրակշիռ ներդրումը բերել յանուն Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայոց կեանքի պայծառութեան: 

Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ Սամուէլ Կարապետեան իրաւապահ համակարգին կողմէ թիրախաւորուած էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2026