ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Մասաչուսեց նահանգի Ուստրի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ծուխէն ուխտաւորներ մեկնած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ գլխաւորութեամբ Տ. Թադէոս քհնյ. Բարսեղեանի։

Վեհարանի գահասրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց ուխտաւորներուն՝ ուրախութիւն յայտնելով անոնց Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան կարեւորեց սփիւռքի հայորդիներու զօրակցութիւնը իրենց հայրենաբնակ քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ Հայաստանի համար այս դժուարին ժամանակաշրջանին։

Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ թէեւ սփիւռքի հայորդիները իրենց սրտերուն մէջ մշտապէս կը կրեն Հայաստանի սէրը եւ կը հետեւին երկրի իրադարձութիւններուն, սակայն, նման այցելութիւնները հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն անմիջականօրէն հաղորդ դառնալու իրենց հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութեան, Հայաստանի սրբութիւններուն, ինչպէս նաեւ անզէն աչքով տեսնելու ներկայ իրողութիւններն ու ամբողջական պատկերացում կազմելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն համար։

Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանէն ստացուած տպաւորութիւններն ու հոգեւոր ապրումները նոր ներշնչանք կը հաղորդեն ուխտաւորներուն՝ իրենց համայնք վերադառնալէն յետոյ առաւել նուիրումով ծառայելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանին, գործօն մասնակցութիւն բերելու ազգային-եկեղեցական կեանքին եւ ամուր պահելու կապը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութիւններուն եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւէտ իրագործման՝ արդի ժամանակներուն։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2026