ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՅՈՅՍՈՎ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի պատգամաւորական 124-րդ ժողովը գումարուեցաւ՝ «Վերանորոգ յոյսով» կարգախօսով: Թեմական պատգամաւորական ժողովը ծաւալեց բազմակողմանի քննարկումներ: Ժողովին նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մերսոպ եպիսկոպոս Պարսամեան: Հարկ է նշել, որ Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ սա արդէն չորրորդ անգամ կազմակերպուած Թեմական պատգամաւորական ժողովն էր: Որպէս Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի ներկայացուցիչ՝ նիստերուն մասնակցեցան Տ. Զաքարիա ծ. վարդապետ Բաղումեանն եւ Տ. Մովսէս վարդապետ Սարգսեան: Այս տարուան Թեմական պատգամաւորական ժողովը զուգադիպեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս հայոց ներկայութեան 250-ամեակի յոբելենական շրջանին: Այս հանգամանքը առանձին ձեւով արծարծուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողովի օրերուն՝ մինչ առաջնորդ Տ. Մերսոպ եպիսկոպոս Պարսամեանն ալ այս առումով դրուատիքով արտայայտուեցաւ հիւրընկալ երկրին տեսակէտէ:
Թեմական պատգամաւորական ժողովին ընթացքին Տ. Մերսոպ եպիսկոպոս Պարսամեան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը: Ան յիշեցուց, որ առաջնորդի պաշտօնին բերումով թեմի բոլոր եկեղեցիները եւ ծուխերը պարբերաբար կ՚այցելէ: «Այո՛, կան դժուարութիւններ, յարափոփոխ աշխարհի մէջ կ՚ապրինք, լայն աշխարհագրութեան մը մէջ ցրուած են մեր հաւատացեալները: Յամենայնդէպս, կայ խոր ու մշտական հաւատք մը, դիմադրութիւն մը եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ սէր: Մեր եկեղեցին կենսունակ է: Այսօր ո՛չ միայն մեր ստանձնածը պահպանելու միտում մը կայ, այլեւ զայն մեծցնել եւ յառաջացնելու ցանկութիւնը զգալի է», ըսաւ Տ. Մերսոպ եպիսկոպոս Պարսամեան:
Իր պատգամին մէջ Տ. Մերսոպ եպիսկոպոս Պարսամեան շեշտեց վերանորոգ յոյսով գործելու բարձր նշանակութիւնը: Ան յայտնեց, որ քրիստոնեայի պարագային յոյսը միայն երեւակայութիւն մը չէ՝ քանի Քրիստոսի կենդանի ներկայութենէն բխած վստահութիւն մըն է:
Թեմական պատգամաւորական ժողովի ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան կանանց եւ երիտասարդաց առաքելութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ներսէս ընծայարանի գործունէութիւնը:
Թեմական պատգամաւորական ժողովի զուգահեռ՝ տեղի ունեցան նաեւ թեմի հոգեւորականաց համագումարն ու տիկնանց կազմերու ընդհանուր ժողովը:
Յաջորդ տարի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի 125-րդ պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի մայիսին, Փրովիտընսի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ: