ԽԱՉԸ ԿԵԱ՛ՆՔՆ ԻՍԿ Է

«Կենաց փայտովդ պահպանէ՛ զիս տխրական անուրջներէ. արիւնովդ սրսկէ՛ հանգստարանիս շրջակայքը. կենարար կողիդ կաթուածքովը գծագրէ՛ ելեւմուտիս հետքերը. տանիքիս պահպանարանը թող խաչիդ ձեւը ըլլայ…». (ՆԱՐԵԿ, Բան ՂԱ)։
Ամէն օր առնել իր խաչը եւ հետեւիլ Յիսուսին՝ ամենէն ապահով ուղին է կեանքի ընթացքին։ Այս ուղին կրնայ ըլլալ աղօթք մը, բարեգործութիւն մը, բարեսիրական արարք մը, ծառայութիւն մը մերձաւորին, կամաւոր զրկանք մը, զոհողութիւն մը, մանաւանդ եւ համբերատար ընկալումը խաչին՝ զոր կրելու ենք։ Եւ ահաւասի՛կ, այս իսկ պատճառով, Խաչը կեանքն իսկ է եւ խորհրդանիշն է կեանքին, ի՛նչ որ կայ կեանքի մէջ՝ կա՛յ խաչի գաղափարի մէջ։ Այս իմաստով խաչը «գործիք» մը, առարկայ մը չէ՛, այլ գաղափար մը՝ մտատիպա՛ր մը մանաւանդ։
Խաչին գաղափարը կ՚առաջնորդէ մեզ ժառանգակից ըլլալ յարուցեալ Քրիստոսի. «քանի որ բաժնեկից ենք Անոր չարչարանքին». (ՀՌՈՎՄ. Ը 17)։
Արդարեւ, մարդ հպարտանալիք ոչինչ ունի, այլ ամբողջ փառքը Քրիստոսի Խաչին մէջ է, քանի որ կեանքը՝ Խա՛չն իսկ է։ Յիսուս, եկած ըլլալով մեղքէն խանգարուած արարչագործութեան սկզբնական կարգը հաստատելու եւ ծրագիրը գործադրելու, մարդուն կու տայ պէտք եղած ուժը եւ շը-նորհքը՝ ապրելու համար նեղութիւններով, չարչարանքով լեցուն կեանքի տարողութեան համեմատ։ Ուստի, Քրիստոսի հետեւելով, իրենց անձէն հրաժարելով, ամէն մէկը իր Խաչը առնելով է (ՄԱՐԿ. Ը 34), որ մարդ պիտի կարենայ կեանքին սկզբնական իմաստը եւ նպատակը հասկնալ. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 11) եւ ապրիլ եւ տանիլ զայն՝ Քրիստոսի հայրախնամբ օգնութեամբ։
Քրիստոնեայ կեանքը՝ այս շնորհքը պտուղն է Քրիստոսի Խաչին, ակնաղբիւրը քրիստոնեայ ամէն կեանքի։ Մեծ է Խաչին խորհուրդը՝ ինչ որ կը յարմարի Քրիստոսի կեանքին։ Եւ հո՛ս է ահաւասիկ Խաչին եւ կեանքին անմիջական յարաբերութիւնը։ Եւ Քրիստոս աղբիւրն է այս շնորհքին…
«Եթէ մէկը ուզէ Իմ ետեւէս գալ, թող ուրանայ ինքզինք եւ իր խաչը առած իմ ետեւէս գայ». (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24)։
Կեանքի նեղութիւններ, չարչարանք եւ դժուարութիւններ, անոնց տաժանքը կրելով Նազարէթի «արհեստաւոր» եւ Գողգոթայի Խաչեալ Յիսուսի հետ, մարդը կը գործակցի կերպով մը Աստուծոյ Որդիին հետ, Անոր փրկչագործութեան։ Մարդը Քրիստոսի կ՚աշակերտի եւ կը հետեւի ամէն օր Խաչը կրելով, այն գործին մէջ, զոր կատարելու կոչուած է։
Խաչի գաղափարին համաձայն կեանքը ապրիլ՝ կրնայ ըլլալ միջոց մը սրբացումի եւ երկրաւոր իրականութիւններուն Քրիստոսի Հոգիով կենսագործումի։
Սիրոյ օրէնքը՝ որ թելադրուած եւ պարտադրուած է թէ՛ բոլոր մարդոց ծագումին նոյնութեան կողմէ՝ եւ իրենց բանաւոր բնութեան հաւասարութեան՝ ի՛նչ ժողովուրդի ալ պատկանին, թէ՛ ալ փրկչական զոհով Յիսուս Քրիստոսին, որ Խաչի խորանին վրայ ընծայուեցաւ Իր երկնաւոր Հօր, ի նպաստ մեղապարտ մարդկութեան։ Արդարեւ, արդարացումը կ՚իրականանայ Քրիստոսի չարչարանքով, որ Ինքզինք զոհեց Խաչին վրայ իբրեւ կենդանի նշխար, սուրբ եւ հաճելի Աստուծոյ եւ որուն արիւնը եղաւ բոլոր մարդոց մեղքերուն քաւութեան գործիք։
Քրիստոսի ամբողջ կեանքը անդադրուն ուսուցումի մը կեանքը եղաւ. Անոր լռութիւնները, Անոր հրաշքները, Անոր բժշկութիւնները, Անոր արարքները, Անոր աղօթքը, Անոր սէրը, գութը մարդուն հանդէպ, Անոր նախասիրութիւնը մանուկներուն եւ աղքատներուն հանդէպ, աշխարհի փրկութեան համար՝ Անոր Խաչին վրայ ամբողջական զոհաբերումին ընկալումը, Անոր Յարութիւնը այժմէագործումն են Անոր Խօսքին եւ իրագործումը Յայտնութեան։
Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիազանցի կ՚ըսէ. «Սատանաները չեն որ Քրիստոսը խաչեցին. դո՛ւն ես որ անոնց հետ խաչեցիր զԻնք եւ դարձեալ կը խաչես զԻնք մոլութիւններուն եւ մեղքերուն մէջ հաճոյք քաղելով»։
Մենք մեր կեանքով կը մարմնացնենք Խաչին գաղափարը, քանի որ Խաչը կեա՛նքն իսկ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 11, 2026, Իսթանպուլ