ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ կաթոլիկ եկեղեցիէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն քաղաքս: Իսթանպուլի մէջ կեցութեան ընթացքին, խումբի անդամները փափաքած էին ընդհանուր պատկերացում մը կազմել քաղաքիս յարանուանութիւններու մասին եւ այս ծիրէն ներս այցելեցին Գումգաբու, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ: Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու գործունէութեան շուրջ, ընդգծեց, որ ան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ չորս Նուիրապետական սիւներէն մին է: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի դրուածքը եւ օրակարգը: Նորին Ամենապատուութիւնը գերմանացի ուխտաւորներու նկատառման յանձնեց քաղաքիս մէջ հայոց պատմական ներկայութիւնը եւ այսօրուան ընդհանուր վիճակը:
Ուխտաւորները, որոնք բաւարարուած էին Նորին Ամենապատուութեան սպառիչ տեղեկութիւններով, հրաժեշտ առին՝ գոհ տպաւորութեամբ եւ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար: