ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ մը ուղարկեց Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարք Շիօ Գ.-ին: Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորական նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է հետեւեալը. 

«Ձեր ընտրութիւնը վառ վկայութիւնն է վրաց եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին բերած ձեր տարիներու նուիրեալ սպասաւորութեան: Մեր աղօթքն է, որ Ամենակալ Տէրը առատ շնորհներով մշտապէս զօրավիգ ըլլայ ձեզի հայրապետական բարձր առաքելութեան մէջ՝ խաղաղութեան ու օրհնութեան շաւիղներով առաջնորդելու բարեպաշտ վրաց ժողովուրդը: Ձերդ Սրբութիւն, սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս, հայոց եւ վրաց եկեղեցիներու միջեւ դարաւոր եղբայրական կապերը՝ խարսխուած մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ եւ հարուստ հոգեւոր ու պատմական ժառանգութեան վրայ, վստահ ենք, ձեր պատրիարքութեան օրօք եւս պիտի շարունակեն ամուր հիմք ծառայել մեր եկեղեցիներու, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու գործակցութեան համար»:

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը Շիօ Գ. Կաթողիկոս-պատրիարքին մաղթեց քաջառողջութիւն, երկար տարիներու արգասաբեր հովուապետական ծառայութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն վրաց եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր վրաց ժողովուրդին: 

Հարկ է նշել, Շիօ Գ. նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ հոգելոյս Իլիա Բ.-ին: Այս վերջնոյն յուղարկաւորութեան մասնակցելու հնարաւորութիւն չէր ունեցած Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրեն դէմ սահմանուած արտասահման դուրս գալու արգելքին հետեւանքով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2026