ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համաժողովի Բարեգործական հարցերու յանձնաժողովի եւ «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը: Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան՝ գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համաժողովի Բարեգործական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, Ֆրայպուրկի արքեպիսկոպոս Շթեֆան Պուրկերի: 

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026