ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ՝ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Վատիկանի մէջ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ միջազգային յանձնաժողովի գործադիր յանձնախումբի նիստը: Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը: Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան այս ժողովներուն մասնակցեցաւ՝ դիտորդի կարգավիճակով:
Հարկ է նշել, որ սոյն յանձնաժողովը արդէն կը գործէ քսան տարիէ ի վեր: Այս տարի անոր հիմանդրութեան 20-ամեակն է եւ յոբելենական փուլը պատեհ առիթ համարուած է՝ վերատեսութեան ենթարկելու համար այս երկխօսութեան տեւողութեան պատրաստուած փաստաուղթերը եւ խորհրդածելու որդեգրուած եղանակաբանութեան շուրջ՝ ապագայ աշխատանքները բարելաւելու առաջադրութեամբ: Ուստի, ժողովականները ծաւալուն արժեւորումի մը ենթարկեցին վերջին երկու տասնամեակներու իրադարձութիւնները եւ անդրադարձան ապագայ ծրագիրներու:
Վատիկանի այս հանդիպման ընթացքին մասնակիցները խոր եւ էական քննարկումներ ծաւալեցին թէ՛ յանձնաժողովի անցեալ գործունէութեան գնահատման եւ թէ երկխօսութեան ապագայ հաւանական փուլերուն շուրջ: Այս բոլորի արդիւնքով մշակուեցաւ փաստաթուղթ մը, որ այժմ պիտի ներկայացուի համապատասխան եկեղեցական իշխանութիւններուն՝ քննութեան եւ հաւանական ապագայ քայլերու համար:
Հաւաքի մասնակիցները ընդունուեցան նաեւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ. Տ. Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ: Այս փուլը բնորոշեց հաւաքի ամենանշանակալից փուլերէն մին:
Այս հանդիպումը վերահաստատեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու յանձնառութիւնը՝ փոխադարձ հասկացութիւնը խորացնելու եւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ:
20-ամեայ իր գործունէութիւնը արժեւորելու հետամուտ՝ յանձնաժողովին համար այս վերջին հաւաքը կարեւոր հանգրուանի մը վերածուեցաւ, որովհետեւ սա նոր քայլ մը կը ներկայացնէ՝ երկխօսութեան շարունակման եւ զարգացման որոնումներու ճանապարհին: