ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
Երէկ, Համբարձման տօնին առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայորդեաց տուներու սաները: Ինչպէս ծանօթ է, Հայորդեաց տուները կը գործեն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ: Փոքրիկները, պատանիներն ու երիտասարդները մայրավանքի շրջափակէն ներս հանդէս եկան մշակութային գեղեցիկ ձեռնարկով մը՝ տօնական օրը առաւել ուրախ եւ յիշարժան դարձնելով ներկայ ուխտաւորներուն եւ այցելուներուն համար:
Ձեռնարկի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայորդեաց տուներու սաները եւ իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց: Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Համբարձման տօնի առթիւ Հայորդեաց տուներու սաները այցելած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ իրենց գեղեցիկ կատարումներով առաւել պայծառացնելով տօնական օրը: Ան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայորդեաց տուները կը բերեն իրենց նպաստը սաներու շնորհներու եւ տաղանդներու բացայայտման, անոնց հոգեւոր-բարոյական եւ ազգային նկարագրի կերտման գործին մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ Հայաստանի զանազան քաղաքներէ ներս Հայորդեաց տուներու գործունէութիւնը՝ յորդորելով մանկավարժներուն եւ սաներուն եկեղեցական ու ազգային տօներու առթիւ իրենց համայնքներէն ներս եւս պարբերաբար հանդէս գալ հոգեւոր-մշակութային ձեռնարկներով՝ ի նպաստ քրիստոնէական արժէքներու եւ ազգային աւադնութիւններու հանրաճանաչման:
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը Հայորդեաց տուներու հոգեւոր տեսուչին, տնօրէններուն, մանկավարժներուն եւ հոգեւոր սպասաւորութիւն իրականցնող քահանայ հայրերուն՝ նուիրեալ եւ նախանձախնդիր աշխատանքի համար: