ԽՈՐԱՆԱՇԱՏ. ԱՆՈՒՆԻ ՄԸ ԵՏԵՒԷՆ…
Երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանի յիշատակին՝ իր անկատար ուխտին հետքերով։
Խորանաշատ անունը առաջին անգամ լսած էի երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանի (1956-2019) եւ 90-ականներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք տարբեր առիթներով Պոլիս այցելող, ականաւոր հայագէտ փրոֆ. Պարոյր Մուրադեանի (1933-2011) զրոյցներուն ընթացքին։ Կար անուն մը, որ յաճախ կը հոլովուէր իրենց խօսակցութեան ընթացքին, երբ ես լուռ ունկնդիրն էի դէպի անցեալ բացուող այդ զրոյցներուն։ Մեսրոպ Սրբազան կ՚աշխատէր Վանական վարդապետի վրայ, կ՚ուսումնասիրէր անոր կեանքն ու վաստակը. եւ քանի որ Վանականի անունը անքակտելիօրէն կապուած էր Խորանաշատի հետ, վանքն ալ կարծես անտեսանելի ներկայութիւն մը դարձած էր մեր շուրջ։
Խո-րա-նա-շատ։
Անունն իսկ խորհրդաւոր ինչ մը ունէր։ Խորաններով լեցուն վա՞նք մը, խորաններու աշխա՞րհ մը, թէ խորան դարձած լեռ մը՝ սահմանի վրայ։ Կան անուններ, սոսկ տեղ մը չնշանակող, որոնք հեռուէն կը կանչեն մարդը, նախ քան ան տեսած ըլլայ զանոնք։ Խորանաշատն ալ ի սկզբանէ դարձաւ նման անուն մը։ Չէի ճանչնար զայն, բայց արդէն տեղ մը ունէր մէջս։
Գիտէի, որ Մեսրոպ Սրբազան շատ կ՚ուզէր հոն երթալ։ Պարոյր Մուրադեանն ալ կը խօսէր այդ այցելութեան մասին։ Ուխտի մը պէս կը խօսէին, բայց ուխտը կը մնար խօսքի մէջ։ Խորանաշատը Տաւուշի սահմանային գօտիի մէջ էր, Չինարի գիւղէն վեր, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վտանգաւոր մերձաւորութեամբ։ Այդ տարիներուն հոն երթալը սովորական պտոյտ մը չէր կրնար ըլլալ։ Ճամբան միայն հեռաւորութեամբ չէր չափուեր, նաեւ՝ վտանգով։
Դժբախտաբար դէպի Խորանաշատ ուխտագնացութիւնը Մեսրոպ Սրբազանի համար այդպէս ալ մնաց չիրականացած փափաք մը։
Տարիներ ետք, 2005-ին, առանց գիտնալու թերեւս, ես պիտի փորձէի քալել այդ անկոխ ճանապարհը։
Սիրելի բարեկամս՝ տաղանդաւոր արուեստագէտ Շահէ Տէր Յարութիւնեան, Հայաստանի այն հազուագիւտ սիրահարներէն է, որ երկիրը միայն քարտէսով կամ գլխաւոր ճանապարհներով չէ որ կը ճանչնայ։ Լեռներու ծերպերուն պահուած եկեղեցիներ, անտառներու խաւարին մէջ մոռցուած մատուռներ, գիւղերու գլխուն ծուարած բերդեր, ճամբայ ըլլալէ վաղուց դադրած արահետներ իրեն քաջ ծանօթ միջավայրեր էին։ Հայրենի հողը Շահէի համար գիրք մըն էր կարծես, եւ ինք գիտէր կարդալ անոր մաշած էջերը։
Դարձեալ Տաւուշի եւ Լոռիի կողմերն էինք՝ վանքէ վանք, եկեղեցիէ եկեղեցի կը շրջէինք՝ նոր յայտնութիւններու ակնկալութեամբ, երբ յանկարծ արտասանեցի այդ կախարդական անունը, որ տարիներէ ի վեր պահած էի մէջս։
-Իսկ չե՞նք կրնար Խորանաշատ ալ երթալ։
Շահէ զարմացած նայեցաւ ինծի։
-Ինչո՞ւ ոչ։
Այսօր, երբ կը մտածեմ այդ «ինչո՞ւ ոչ»ի մասին, կը հասկնամ, թէ քիչ մը երիտասարդական անհոգութիւն կար հոն, քիչ մը անգիտութիւն եւ բաւական մըն ալ համարձակութիւն։ Մարդս երբեմն ճամբայ կ՚ելլէ, որովհետեւ չի գիտեր ճամբուն վտանգը։ Եթէ գիտնար՝ գուցէ ընկրկէր։ Իսկ եթէ ընկրկէր՝ բան մը թերեւս պակսէր իր կեանքէն…
Հասանք Չինարի։
Գիւղին մէջ մեր խանդավառութիւնը շուտով մարեցաւ։ Տեղացիները, լսելով մեր նպատակը, զարմացած հայեացքներով սկսան դիտել մեզ։ Վանքը սահմանի շրթունքին էր գրեթէ։ Դիմացի ու վանքին ետեւ բարձրացող բլուրներուն վրայ ատրպէյճանական դիրքեր կային։ Մարդ երեւար՝ կրակոց ալ կրնար ըլլալ։
-Վերջերս Վեհափառն ալ եկաւ մեր գիւղ,- ըսին,- բայց վանք չկրցաւ բարձրանալ։
Ուրիշ մը պատմեց, թէ քանի մը շաբաթ առաջ հովիւ մը առեւանգուած էր։
Այսպիսի լուրերէ ետք մարդ ի՞նչ ընէ։ Վերադառնա՞յ։ Իմաստութիւնը թերեւս այդ թելադրէր։
Մենք սակայն չվերադարձանք։
Չեմ ըսեր, թէ չէինք վախնար։ Վախը կար՝ խիստ իրական ու շօշափելի։ Բայց վախը պատ մը չէ, այլ ընկեր մը, որ հետդ կը քալէ՝ քայլերդ ծանրացնելով, զգայարանքներդ սրելով։ Կը զգայի զայն ոտքերուս տակ, դիմացի բլուրներուն վրայ, լռութեան մէջ։
Կը մտածէինք. եթէ յանկարծ կրակէին՝ ո՞ւր պիտի պահուըտէինք։ Ո՞ւր պիտի վազէինք։ Ի՞նչ պիտի ընէինք։
Չէինք գիտեր բացարձակապէս։
Մեր անցագիրները մեր քովն էին։ Ինչո՞ւ։
Որ եթէ առեւանգուէինք, կարենայինք ցոյց տալ, թէ ո՛վ ենք։
Այսօր քիչ մը ժպիտով կը յիշեմ այդ նախապատրաստութիւնը։ Անցագիր մը՝ գրպանիդ մէջ, եւ դէմդ՝ սահմանը։ Կարծես թուղթի կտոր մը պիտի կարենար պաշտպանել մարդը գնդակէն կամ զինուորի քմահաճութենէն։ Բայց վտանգին դիմաց կը կառչիս ամենափոքր ապահովութենէն՝ ոչ թէ որովհետեւ ան իսկապէս կը փրկէ քեզ, այլ որովհետեւ պէտք ունիս կռուանի մը, որուն վստահելով կարենաս շարունակել ընթացքդ։
Մեր հաւատարիմ «Զափիկ»ը յարմար տեղ մը կայանեցինք։
Այլեւս ոտքով պիտի երթայինք։
Շահէն՝ առջեւէն, ես՝ ետեւէն։
Արահետը կ՚երկարէր մեր ոտքերուն տակ։ Կը մագլցէինք եւ ակամայ կը սպասէինք ձայնի մը։ Թռչունի թեւաբախումն անգամ կրնար պահ մը խաբել մեզ։ Կը նայէինք անտառապատ բլուրներուն, ապա՝ մեր ոտքերուն, որովհետեւ գիւղացիները ուրիշ վտանգի մը մասին ալ ազդարարած էին մեզ. վանքին շրջակայքը ականապատ էր։
Հողին վրայ կը քալէինք, բայց հողին չէինք վստահեր։
Երկինքին տակ էինք, բայց բլուրներուն չէինք վստահեր։
Տարօրինակ զգացում մը. հայրենի հողին վրայ քալել եւ նոյն այդ հողէն կասկածներ ունենալ։ Քարը, խոտը, հողակոյտը՝ բոլորը կրնային պարզ բնութիւն ըլլալ, եւ բոլորը՝ թաքուն վտանգ։ Սահմանը քարտէսին վրայ գիծ մը չէ միայն. ան կը մտնէ հողին մէջ, քարերուն տակ, եւ վերջապէս՝ մարդու գիտակցութենէն ներս։
Յանկարծ յայտնուեցաւ տաղաւար մը։ Խաղաղ օրերու համար կառուցուած պարզ ապաստան մը՝ ուխտաւորներուն կամ այցելուներուն հանգիստ պարգեւելու համար։
Կանգ առինք։
Շունչ մը քաշեցինք։
Մինչեւ հոս հասած էինք։
Անփորձանք։
Բայց դժուարը դեռ առջեւն էր։
Վանքը այլեւս կ՚երեւէր։
Խորանաշատ։
Այն անունը, որ տարիներով լսած էի ուրիշներու շրթներէն, հիմա քար էր դարձած աչքերուս դիմաց։ Անուն մը չէր այլեւս։ Չէր պատկաներ Մեսրոպ Սրբազանի ուսումնասիրութիւններուն կամ Պարոյր Մուրադեանի զրոյցներուն։ Դիմացս էր՝ քարեղէն, լուռ եւ կանգուն՝ սահմանապահի պէս։
Անունը մարմին առած էր վերջապէս։
Մարդ տարիներ շարունակ տեղ մը կը կառուցէ իր երեւակայութեան մէջ, եւ երբ հասնի անոր՝ իրականութիւնը չի քանդեր պատկերը, այլ կը խորացնէ զայն։ Խորանաշատը աւելի լուռ էր, քան պատկերացուցած էի։ Եւ այդ լռութեան մէջ աւելի շատ ձայն կար, քան որեւէ պատմութեան մէջ։
Շատ աւելի վերջ գիրքերէն պիտի սորվէի, որ այդ լռութիւնը ութդարեայ լռութիւն էր։ Վանական վարդապետ Տաւուշեցին, Մխիթար Գօշի աշակերտը, ԺԳ. դարու սկիզբը վերադարձած էր հայրենի Տաւուշ՝ վանք ու վարդապետարան հիմնելու մտադրութեամբ։ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմքը դրուած էր հաւանաբար 1209-ին, շինութիւնը աւարտած՝ 1222-ին, իսկ կողքին աստիճանաբար ծնած էր այն դպրոցը, որ միջնադարեան Հայաստանի ամենէն նշանաւոր բարձրագոյն ուսումնական օճախներէն պիտի ըլլար։
Յուշիկ քայլերով շարունակեցինք։
Չեմ գիտեր որքան տեւեց վերջին այդ հատուածը, որովհետեւ վախի ժամանակ ժամացոյցները սովորական ձեւով չեն աշխատիր. վայրկեան մը կրնայ երկարիլ, իսկ երկար ճամբայ մը՝ մէկ շունչով վերջանալ։
Եւ յանկարծ վանքին քովն էինք արդէն։
Առիւծի եւ եզի քանդակներով պաշտպանուած շքամուտքէն մտանք գաւիթ։ Դուրսը սահմանն էր՝ իր անտեսանելի գիծով, դիմացի բլուրներուն վրայ դիրքերը, հողին տակ՝ կասկածը։ Բայց տաճարին շեմը անցնելնուս պէս այդ բոլորը կարծես մնացին դռնէն անդին։ Մեծ խաղաղութիւն մը լեցուց ներսիդս՝ այնպիսի ապահովութիւն մը, զոր թերեւս ուրիշ ոչ մէկ տաճար կրցած էր տալ ինծի մինչ այդ։ Եթէ այդ պահուն խենթ փամփուշտ մը ճեղքէր լռութիւնը եւ մինչեւ մեզի հասնէր, կը թուէր, թէ ան իսկ պիտի չկարենար խանգարել այդ խաղաղութիւնը։
Դարեր առաջ այստեղ գրիչ մը իր մատեանի աւարտին արձանագրած էր, թէ գիրքը ստեղծուած է «ի գերահռչակ ուխտս Խորանաշատայ ընդ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնիս»։ Այդ «ընդ հովանեաւ»ը այդ պահուն այլեւս ձեռագրական սովորական բանաձեւ մը չէր։ Հովանին շօշափելի էր արդարեւ։ Ոչ թէ այնպէս, որ դուրսի վտանգը վերացած էր, այլ այնպէս, որ ան այլեւս չէր կրնար հասնիլ հոգիիդ։
Խորանաշատը Վանականի համար միայն եկեղեցի մը չըլլալուն, անոր մէջ ուզած էր հոգիի ու մտքի տուն մը շինել, ուր ուսումը տարիներ կը տեւէր, աշակերտները աստուածաբանութենէ զատ կը հմտանային պատմութեան, տոմարագիտութեան, մատենագրութեան, փիլիսոփայութեան, երաժշտագիտութեան եւ աստղաբաշխութեան մէջ։ Անոնք միայն աղօթել չէին սորվեր, այլեւ մտածել։ Եւ երբ աւարտէին ուսումնառութիւնը՝ կը հեռանային Խորանաշատէն՝ լոյս դառնալու համար իրենց հայրենի աշխարհներուն մէջ։
Կիրակոս Գանձակեցի, Վարդան Արեւելցի, Գրիգոր Ակներցի, Իսրայէլ եպիսկոպոս եւ բազմաթիւ ուրիշներ հոս անցած էին Վանականի ձեռքէն։ Հոս գրուած ու արտագրուած էին մատեաններ. գրիչներ իրենց յիշատակարաններուն մէջ անգամ վանքը կը կոչէին «Վանական վարդապետի վանքը». այնքան որ մարդն ու վայրը իրարու միախառնուած էին։ Վանական ձեռագիր կը հաւաքէր Հայաստանի տարբեր կողմերէն, կ՚ամբարէր, կը խմբագրէր, աշակերտներուն ստոյգ օրինակներէ արտագրել կու տար։ 1223-ին Ստեփանոս Աղթամարցի այստեղ ձեռագիր կ՚արտագրէր եւ իր ուսուցիչը կը նմանցնէր առաւօտեան աստղի մը։
Իսկ հիմա՝ լռութիւն։
Քարերը լուռ են։
Այս պարագային քարերու լռութիւնը գիրքերու ամբողջ դարակէ մը աւելին կը պատմէ։ Որովհետեւ գիրքը կը պահէ գրուած խօսքը, իսկ քարը՝ ներկայութիւնը։
Պատերուն կը նայէի ու կը մտածէի՝ քանի՜ ձայն բարձրացած պիտի ըլլար այստեղ։ Քանի՜ հարցում։ Քանի՜ աշակերտական վարանում։ Քանի՜ գիշեր, երբ ճրագի մը դողդոջ լոյսին տակ բառ մը կրկին գրուած էր մագաղաթի վրայ, որպէսզի մեզի հասնէր։
1224-ին այստեղ գրուած ու նկարազարդուած է «Տաւշոյ Աւետարան»ը, որ յետոյ պիտի կոչուէր «Խորանաշատի Աւետարան»։ Ան ալ մարդու պէս իր ճակատագիրը ունեցաւ. գերուեցաւ, վաճառքի հանուեցաւ, փրկագնուեցաւ, կրկին ձեռքէ ձեռք անցաւ եւ վերջապէս հասաւ Ս. Էջմիածին։ Բայց ուրիշ մէկ Աւետարան մը, նոյն 1236-ի կողոպուտէն ետք, այլեւս չվերադարձաւ։
Խորանաշատի ճակատագիրը իր մատեաններուն մէջ ալ կրկնուած է կարծես։
Գրել։
Կորսնցնել։
Փրկել։
Վերադարձնել։
Վանական վարդապետի կեանքն ալ այդպէս էր՝ շինել եւ վերաշինել, ուսուցանել ու նորոգել, կորսնցնել ու ետ դառնալ։
1229-ին Խորեզմեան զօրքերը երբ աւերած էին Խորանաշատը, Վանական իր աշակերտներուն հետ ապաստանած էր մօտակայ բարձր բլուրի մը վրայ, իր ձեռքով քարայր փորած, փոքր եկեղեցի շինած, գիրքեր հաւաքած եւ այնտեղ շարունակած ուսուցանել։ Վանքը կարելի էր աւերել, բայց դպրոցը կարծես իրեն հետ կը տանէր։ Քարը կը կորսուէր, վարդապետարանը՝ ոչ։
Ապա եկած էր 1236 թուականը։ Մոնղոլական արշաւանք, պաշարում, գերութիւն։ Վանական, իր աշակերտները փրկելու յոյսով, կամովին անոնց հետ գերի գացած էր։ Երբ վերջապէս փրկագնուած էր՝ վերադարձած էր Խորանաշատ եւ նորէն սկսած էր կառուցել ու ուսուցանել։
Այս վանքին առջեւ կեցած՝ մարդ այլեւս չէր կրնար պարզապէս աւերուած քար տեսնել։
Քարը դիմացած էր, որովհետեւ մարդ մը շարունակաբար հոն վերադարձած էր։
Վանակա՛նը։
Տարիներ շարունակ Մեսրոպ Սրբազանի շրթներէն լսած էի այդ անունը։ Հիմա անոր վանքին մէջ էի ահա…
Բայց իր գերեզմանը չհասանք։
Վանական 1251-ի Մեծ պահոց օրերուն հիւանդացած եւ մարտ 18-ին վախճանած էր Խորանաշատի մէջ։ Իր կամքով զինք թաղած էին վանքի արեւելեան կողմը՝ Ս. Ճգնաւոր եկեղեցւոյ մօտ գտնուող աղքատաց գերեզմանատան մէջ։ Յաջորդ օրը նոյնիսկ կաթողիկոսն ու բարձրաստիճան եկեղեցականներ եկած էին իր շիրմին այցելութեան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու։
Այդ գերեզմանոցը շատ մօտ էր մեզի։ Քանի մը քայլ թերեւս։ Բայց այդ քիչը այդ օրը աշխարհ մըն էր։ Ականներու մասին զգուշացումները ինչպէ՞ս կրնայինք մոռնալ, ինչպէ՞ս կրնայինք ազատ-համարձակ շրջիլ վանքին շուրջը։
Վանականի գերեզմանը մօտիկ էր, բայց՝ անհասանելի։
Եւ այդ անհասանելիութիւնը տարօրինակ կերպով աւելի կը մօտեցնէր զինք։
Թերեւս գերեզմանը գտնելու պէտք ալ չկար։
Խորանաշատի քարերո՛ւն մէջ էր Վանականը։ Գմբէթին տակ՝ իր ձայնը։ Իր դպրոցէն ելած աշակերտներուն շունչը կար պատերու խորշերուն։ Դարերու փոշին նստած էր քարին վրայ, բայց չէր կրցած ծածկել ուսուցչին հետքը։
Մեծ ուսուցիչները իրենց գերեզմաններուն մէջ չեն մնար։ Կը շարունակեն ապրիլ անոնց մէջ, որոնց մտածել սորվեցուցած էին, եւ յետոյ՝ անոնց մէջ, որոնք այդ աշակերտներուն գիրքերը կը կարդան։
Ու յանկարծ Գանձասարը եկաւ միտքս։
Վանական վարդապետ 1240-ի Վարդավառին Խաչենի գահերէց իշխան Հասան-Ջալալ Դոլանի հրաւէրով մեկնած էր Խորանաշատէն եւ գացած Գանձասար՝ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ օծման մասնակցելու։ Իր ներկայութիւնը առանձնայատուկ շուք տուած էր հանդիսութեան։
Դարեր ետք պիտի այցելէի Գանձասար ալ եւ անոր մութ տաճարին մէջ «Առաւօտ լուսոյ» պիտի երգէի ծնրադիր։ Այն ատեն չէի գիտեր թերեւս, որ այդ երկու քարեղէն աշխարհները դարեր առաջ ճանչցած էին զիրար՝ Վանականի քայլերով։
Վանքերը իրարու հետ կը խօսի՞ն։
Գուցէ։
Մարդիկ կը մեռնին, սահմանները կը փոխուին, ճանապարհները կը փակուին, գիրքերը կը կորսուին, բայց քար մը երբեմն ուրիշ քարի մը յիշողութիւնը կը պահէ դարերով։ Եւ մարդ, վանքէ վանք անցնելով, կը դառնայ այդ հին խօսակցութեան ուշացած ունկնդիրը։
Չէինք կրնար աւելի երկար մնալ։
Խորանաշատ հասնիլը մէկ բան էր, այնտեղ մնալը՝ ուրիշ։ Վտանգը չէր անհետացած։ Նոյն բլուրները մեր դիմացն էին, նոյն դիրքերը՝ անոնց վրայ, նոյն անտեսանելի գիծը՝ հողին մէջ, զոր մարդիկ սահման կոչած են։
Սահման։
Մարդ գիծ մը կը քաշէ քարտէսին վրայ, բայց երբ այդ գիծը կը հասնի վանքի մը պատին, գերեզմանի մը քարին կամ ուխտաւորի մը քայլքին՝ այլեւս աշխարհագրութիւն չի մնար։ Ճակատագիր կ՚ըլլայ։
Եւ Խորանաշատ իր ութ դարերուն մէջ կարծես վաղուց սորված էր սահմանի լեզուն։ Աւեր տեսած էր, գերութիւն, փախուստ, վերադարձ։ Դարերու կնիքը կը կրէր, բայց տակաւին կանգուն էր՝ խոցուած, բայց չկործանուած. լուռ, բայց հայրենապահ։
Վերջին անգամ նայեցայ վանքին։
Եւ սկսանք իջնել։
Կրկին՝ Շահէն առջեւէն, ես՝ ետեւէն։
Քայլ առ քայլ։
Տաղաւարը։
Արահետը։
«Զափիկ»ը։
Երբ գիւղ վերադարձանք, թերեւս այն ատեն միայն հասկցանք, թէ ինչ ըրած էինք։
Փա՜ռք Աստուծոյ։
Անփորձանք գացած էինք։ Անփորձանք վերադարձած։
Տարիներ անցան։
Մեսրոպ Սրբազանը այդպէս ալ չհասաւ Խորանաշատ։ Այսօր երբ կը մտածեմ այդ օրուան մասին, երբեմն կը թուի, թէ մեր չորս ոտքը միայն երկու հոգիի չէին պատկանիր։ Ես հետս տարած էի վարդապետիս չիրականացած ցանկութիւնը, տարիներ առաջ լսած անուն մը, ուսուցիչէ աշակերտ փոխանցուած հետաքրքրութիւն մը։
Մարդիկ իրենց չհասած վայրերը ուրիշներու քայլերով կը հասնին։
Գուցէ ուխտն ալ այս է։ Միշտ չէ, որ սկսողը կը հասնի։ Մէկը սերմը կը կը ցանէ՝ անունը փոխանցելով պարզապէս, ուրիշ մը ճամբան կը բռնէ, երրորդ մը կ՚ապրեցնէ յիշողութիւնը։ Եւ ուխտը կը շարունակուի մարդէ մարդ։
Իսկ Խորանաշատը տակաւին հոն է։
Սահմանի շունչին տակ գրեթէ, բայց՝ Հայաստանի մէջ։
Եւ այսօր այս պարզ հաստատումը այնքա՜ն ծանր իմաստ ունի։
Ժամանակ կար, երբ «Հայաստանի մէջ է» ըսելը միայն աշխարհագրական տեղեկութիւն պիտի ըլլար։
Այսօր՝ մխիթարութիւն է։
Բարեբախտաբար Խորանաշատը չարժանացաւ Դադիվանքի ու Գանձասարի տխուր ճակատագրին։ Անոնք, որոնց քարերուն տակ մեր պատմութեան, աղօթքին ու մշակոյթին դարերը նստած են շերտ առ շերտ, այսօր մեզմէ բաժնուած են ո՛չ միայն տարածութեամբ, այլ փակ ճանապարհներով։
Այն Գանձասարը, ուր գիշերով մտեր էի, ուր մոմ վառեր ու «Առաւօտ լուսոյ» երգեր էի, հիմա յիշողութեան մէջ աւելի մօտ է, քան ճանապարհով։
Դադիվանքն ալ։
Կան տեղեր, որոնց անունը տակաւին մերն է, բայց ճանապարհը՝ ոչ։
Խորանաշատը սակայն կը մնայ։
Սահմանին վրայ։
Վտանգին յիշողութեամբ շրջապատուած։
Խոցուած, բայց չկործանուած։
Հասանելի։
Հոն կարելի է երթալ տակաւին։
Քարին դպչիլ։
Գմբէթին տակ կենալ։
Վանականի եւ իր սաներուն անունները արտասանել։
Եւ վերադարձի ճամբուն վրայ ետ դառնալ ու անգամ մը եւս նայիլ։
2005-ին գացինք Խորանաշատ՝ հետաքրքրութենէ մղուած, թերեւս նաեւ քիչ մը անգէտ համարձակութեամբ։
Այսօր կը հասկնամ, որ գացած էի ուրիշ բան մը գտնելու։
Անուն մը։
Այն անունը, որ տարիներ առաջ լսած էի Մեսրոպ Սրբազանի եւ Պարոյր Մուրադեանի զրոյցներուն մէջ, եւ որ այդ օրուընէ ետք այլեւս երբեք միայն անուն չեղաւ ինծի համար։
Խորանաշատը դարձաւ ճամբայ մը։
Մխիթար Գօշէն՝ Վանական։
Վանականէն՝ իր աշակերտները։
Մեսրոպ Սրբազանէն՝ ինծի։
Խորանաշատէն՝ Գանձասար։
Անցեալէն՝ մեզի։
Եւ մեզմէ՝ անոնց, որոնք օր մը դարձեալ պիտի քալեն այդ արահետը՝ առանց անցագիր մը գրպաննին դնելու առեւանգումի մը մտահոգութեամբ, առանց լեռներուն նայելու՝ կրակոցի սպասումով, առանց հողին տակ ական փնտռելու։
Պարզապէս իբրեւ ուխտաւոր։
Դէպի Խորանաշատ։
Անունի մը ետեւէն…
ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ