ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ
ԿԱՄՕՔՆ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ,
ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ
ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

ԳԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆԱՑ ԱՌ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՈՐԴԻՆ
ՄԵՐ ԵՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԵՐ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
ՈՐ Ի ՍՏԱՆՊՈՒԼ, ԹՈՒՐՔԻԱ

Սիրելի Սրբազան,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ձեզի կը յղենք Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանի առիթով։

Գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս Ձեր երկարամեայ ծառայութեան ու բազմարդիւն վաստակին։ Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքին եւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանին մէջ աւարտելով հոգեւոր ուսումնառութիւնը՝ Դուք Տիրոջ կամքով արժանացաք կուսակրօն քահանայութեան սուրբ օծման եւ կոչուեցաք Տիրաւանդ առաքելութեան՝ Աւետարանի լոյսը տարածելու հայ կեանքէն ներս եւ հոգեւոր խնամատարութիւն մատուցելու հաւատաւոր մեր ժողովուրդին։

Երկար տարիներ Դուք սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ծառայեցիք պոլսահայ համայնքի մեր եկեղեցիներուն մէջ, ապա օրինակելի նուիրումով վարեցիք Պատրիարքութեան լուսարարապետի պաշտօնը՝ արժանանալով հոգեւորականաց եւ բարեպաշտ հայորդեաց յարգանքին ու բարձր գնահատանքին։ Պատրիարքական Աթոռի շէնութեան ու պայծառութեան Ձեր գովարժան աւանդը բերիք պատրիարքական փոխանորդի պատասխանատու յանձնառութեամբ՝ դժուարին ժամանակներու մէջ մէկ ու կէս տասնամեակ ղեկավարելով Պատրիարքութիւնը եւ նախանձախնդրութեամբ հետամուտ ըլլալով անոր առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման։

Սիրելի Սրբազան,

Մենք ուրախ ենք հաստատելու, որ Ձեր կեանքի ամբողջ ընթացքին Դուք դրսեւորած էք հոգիի աննուազ սէրն ու անխախտ նուիրումը առ Սուրբ Էջմիածին եւ հայրենի մեր երկիրը։

Բարձր գնահատանքի արժանացնելով Ձեր վաստակը Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, սիրով ընդառաջելով Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի խնդրանքին՝ Հայրապետական այսու կոնդակով կը շնորհենք Ձեզի Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ

ՍՈՒՐԲ ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ

պատուոյ բարձր շքանշանը։

Ի խորոց սրտի Մեր մաղթանքն է, որ Ամենակալն Աստուած օգնական ու ապաւէն ըլլայ եւ զօրացնէ նուիրեալ եկեղեցականդ Ձեր բարձր կոչման մէջ եւ պարգեւէ մնայուն ձեռքբերումներով լեցուն քաջառողջ կեանքի երկար տարիներ։

Շնորհք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեան. ամէն։

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ Կոնդակս ի 17ն Յուլիսի
յամի Տեառն 2026 եւ ի թուին Հայոց ՌՆՀԵ
ի մայրավանս Սրբոյ Էջմիածնի
ընդ համարաւ 1290

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2026