ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Երէկ, Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։ Մեր այս հեռաւոր, սակայն, սրտամօտիկ ուխտավայրը աւանդաբար Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին կը հանդիսանայ հաւատացեալներու ժամադրավայրը։ Այս տարի եւս շարունակուեցաւ նոյն աւանդութիւնը։
Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ խրատականը խօսեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն սրկ. Գույումճեան եւ ուրարակիր Կարօ Հալէբլի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ պատարագիչ տէր հօր ձեռամբ՝ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։
Եկեղեցական արարողութեանց ներկայ էին ատենապետ Արթին Չանքարի կողմէ գլխաւորուած Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք ջերմ վերբերմունք ցուցաբերեցին հաւատացեալներուն նկատմամբ։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մըն ալ հիւրընկալեց պատարագիչ տէր հայրը, երգչախումբի անդամները եւ հաւատացեալները։ Ատենապետ Արթին Չանքար այս փուլին հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանին, որ հովուական իր նախանձախնդրութեամբ անփոխարինելի նպաստ մը կը բերէ, որպէսզի հեռաւոր մեր այս ուխտավայրի կանթեղը մնայ վառ։