ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ բացառիկ ոգեւորութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ ամրան շրջանին մեր համայնքի անդամները խտացած են կղզիի վրայ, այս տարի եւս բացառիկ բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ՝ տարուայ այս կարեւոր տաղաւարին ժամանակ։

Արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արթուն սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Ս. Պատարագէն վերջ, արարողութիւնները շարունակուեցան եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Խաղողօրհնէքը տեղի ունեցաւ բացօթեայ, նոյնպէս կատարուեցաւ անդաստան։ Սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցաւ՝ ի նշան խաղաղութեան։

Բոլորը խաղողի օրհնուած ողկոյզները ստացան, սակայն, պատարագիչ հայր սուրբի արձակման աղօթքէն վերջ ալ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս օրուան ծրագիրը շարունակուեցաւ։ Արդարեւ, ժողովրդական պարերով նախատեսուած օրը վերածուեցաւ իսկական խրախճանքի մը, որու ընթացքին ստեղծուած պատկերը եկաւ ապացուցանել, թէ մեր աւանդութիւնները կը մնան կենսունակ եւ միշտ ի զօրու՝ համախմբելու եւ հասարակաց յայտարարի մը վրայ մէկտեղելու համար մեր ժողովուրդը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026