ԲԵՐԿՐԱՌԱՏ ՈՂԿՈՅԶՆԵՐԸ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Աւանդական շուքով եւ հաւատացեալներու բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։ Տաղաւարի մթնոլորտին մէջ, օրհնուած ողկոյզները վերածուեցան բերկրառատ խորհրդանշանի մը։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական ու լուսաբեւեռ կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տաղաւարի արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Հայկազուն արք. Նաճարեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Այս առթիւ ան ներկայացուց տօնի խորհուրդը եւ խօսեցաւ Աստուածածնի Աւետարանական կերպարին մասին։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցականաց ծանրաշուք թափօրը Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդեց Մայր Տաճարէն դէպի Ս. Տրդատի բաց խորանը, ուր կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր կարգը։ Մայրավանքի տարածքէն ներս հազարաւոր հաւատացեալներ համախմբուած էին՝ հետեւելու համար հոգեպարար արարողութեան։ Խաղողի օրհնուած ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալներուն՝ մինչ Խաղողօրհնէքի արարաղութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր պատգամը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ հետեւեալը։

*

Սիրելի բարեպաշտ, հաւատաւոր զաւակներ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ,

Կատարեցինք խաղողօրհնութեան կարգը, օրհնեցինք խաղողի ողկոյզները եւ այն այգիներն ու անդաստանները, ուրկէ կ՚առաքուին, կը բերուին պտուղները՝ ի վայելումն մեր ժողովուրդի։

Մենք, միաժամանակ, հայց եւ աղօթք բարձրացուցինք, որպէսզի Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ առատօրէն հեղուին շնորհներն ու օրհնութիւնները մեր կեանքի, մեր կեանքը դառնայ պտղաբեր՝ բարօրութեամբ ու բարիքներով եւ մենք՝ մեր ժողովուրդի զաւակունք, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, լաւատեսութեամբ, յոյսով ու հաւատքով շարունակենք արարել, շէնացնել մեր հայրենիքը եւ բարօր դարձնել մեր ժողովուրդի կեանքը, որպէսզի կարող ըլլանք մշտապէս հեռու վանել ժամանակներու մատուցած բոլոր փորձութիւնները մեզմէ եւ կարողանանք կերտել լուսաւոր, բարօր, երջանկաբեր ապագայ մեր ժողովուրդին համար։

Թող Տիրոջ սէրը, շնորհը եւ օրհնութիւնը միշտ ըլլան ազգիս զաւակներուն հետ՝ այսօր եւ յաւիտեանս. ամէն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2026