ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

 

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Նազովրեցի» միջազգային բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը։ Հիւր խումբը գլխաւորեց՝ հիմնադրամի հիմնադիր հայր Պենետիքտ Քիլի։ 

Հանդիպման ընթացքին հայր Պենետիքտ Քիլի Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր գլխաւորած հիմնադրամի գործունէութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերուն եւ համայնքներուն հետ համագործակցութեամբ Հայաստանէ ներս իրականացուած կրթական, ընկերային եւ գիւղատնտեսական ծրագրերը։

Անդրադառնալով նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝ հիւրերը զօրակցութիւն յայտնեցին եւ արտայայտեցին իրենց պատրաստակամութիւնը, որպէսզի ջանքեր գործադրուին միջազգային հարթակներու վրայ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։

Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը՝ Հայաստանէ ներս իրականացուած բարեսիրական ծրագրերու եւ հայ ժողովուրդի ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ կարիքաւորներուն զօրակից ըլլալու, անոնց նկատմամբ հոգածութեան եւ սիրոյ դրսեւորումները յոյս եւ մխիթարութիւն կը պարգեւեն դժուարութիւններու մէջ յայտնուած մարդոց՝ զօրացնելով անոնց հաւատն ու լաւատեսութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ մարդասիրական ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժանելի մասն է՝ անդրադառնալով նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծրագրերուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան։ 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը հիմնադրամի պատասխանատուներուն մաղթեց Աստուծոյ օգնականութիւնն ու արդիւնաւոր ընթացք՝ իրենց մարդասիրական առաքելութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2026