ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ SAVE ARMANIA ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի: 

Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին իր օրհնութիւնն ու գոհունակութիւնը փոխանցեց կազմակերպութեան՝ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճեանէ ներս պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն համար։ Ան կարեւորեց նաեւ կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն խղճի եւ կրօնի ազատութեան եւ ի նպաստ միջազգային հարթակներու վրայ ազգային հիմնախնդիրներու բարձրաձայնման։ 

Անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան արժեւորման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն՝ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց «Save Armenia»ի մասնակցութիւնը Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վէպի արեւմտահայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսի կազմակերպման։ Ան նշեց, որ «Մշոյ Ճառընտիր»ի փրկութեան պատմութիւնը վկայութիւն մըն է՝ ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին տեսակետէ։ Սա իր դրսեւորումը կը գտնէ նաեւ մեր օրերուն։

Իր կարգին, տքթ. Փոլ Միւրէյ Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց կազմակերպութեան ընթացիկ աշխատանքները։ Ան հաւաստիացուց, որ «Save Armenia»ն պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել հայ ժողովուրդին ու Հայոց Եկեղեցւոյ։ 

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեխնամ ու ազգապահպան առաքելութեան, միջկրօնական յարաբերութիւններուն եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2026