ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՉ ՉԸՍԵՆՔ

Ելից գիրքի առաջին մի քանի գլուխները կը խօսին Մովսէսի՝ անոր ծնունդի, մահէն փրկուելուն, կանչուելուն եւ Եգիպտոս վերադառնալուն մասին: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէս Մովսէս մի քանի անգամ կը վարանի: Աստուած, սակայն, կը քաջալերէ զինք, անոր վստահութիւն կու տայ, թէ իր հետ պիտի ըլլայ, աւելին Մովսէսին հրաշքներ գործելու կարողութիւն կու տայ: 

Մովսէսի օրինակը իւրաքանչիւր մարդու կրնայ վերաբերիլ երբեմն: Աստուած երբ ոեւէ մէկուն կանչէ, շատեր թերեւս Մովսէսի նման տատանին, վախնան, նոյնիսկ ոմանք փորձեն խոյս տալ: Մովսէսի անցած ուղին, սակայն, շատերուն յայտնի է, թէ Աստուած անոր միջոցով ի՜նչ-ինչ հրաշքներ գործեց Եգիպտոսի մէջ եւ իր ժողովուրդը դուրս հանեց ստրկութեան երկրէն դէպի մեղր ու կարագ տուող երկիր:

Մարդը, այսօր, իր ընթացած սխալ ճամբաներով յաճախ ինքզինք ստրկութեան կը մատնէ, գերին դառնալով իր սովորութիւններուն, որոնք եթէ յոռի սովորութիւններ են մեղքի կը վերածուին, որով մարդուն վիճակը օրէ օր աւելի կը ծանրանայ: Աստուած, սակայն, մեր այդ վիճակին մէջ իսկ չի՛ մոռնար մեզ եւ կը կանչէ, որպէսզի ետ դառնանք մեր սխալ ճամբաներէն ու փրկուինք: Պէտք չէ անտեսենք Աստուծոյ կանչը, աւելին պէտք չէ տատանինք, պէտք չէ կասկածինք, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք յաղթահարել տուեալ դժուարութիւնը, մեղքը, թէ ոչ, այլ՝ Աստուծոյ ապաւինելով պէտք է պայքարինք, որպէսզի յաղթահարենք զայն:

Միւս կողմէ, Աստուած երբ ոեւէ մէկուն կը կանչէ որեւէ մէկ նպատակի համար, ապա երբեք պէտք չէ տատամսի, չկասկածի, նոյնիսկ եթէ տկարութիւններ ունենայ: Աստուած երբ Մովսէսին կը կանչէ, որպէսզի Եգիպտոս ղրկէ, Մովսէս կ՚ըսէ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ եգիպտացիներու արքայ փարաւոնին մօտ երթամ եւ իսրայէլացիները հանեմ եգիպտացիներու երկրէն» (Ելք 3.11). Աստուած կը պատասխանէ անոր. «Ես քեզի հետ կ՚ըլլամ եւ երբ այս լերան վրայ զԱստուած պաշտէք, այդ քեզի համար նշան կ՚ըլլայ, որ Ե՛ս ուղարկած եմ քեզի, որպէսզի ժողովուրդս եգիպտացիներու երկրէն հանես» (Ելք 3.12): 

Աստուած երբ ոեւէ մէկուն կը կանչէ պատուէր մը տալու համար, տրուած պատուէրին հետ նաեւ լուծումն ու գործելու հնարաւորութիւնն ալ կու տայ, կարեւորը մարդուն պատրաստակամութիւնն է եւ կատարեալ վստահութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ: Սա երբ Աստուած կանչէ մեզ, նոյնը կը վերաբերի Իր մասին վկայութիւն տալուն: Յիշենք, նաեւ Տէր Յիսուսի ըսածը, թէ՝ «Երբ ձեզ ժողովարան տանին կամ կառավարիչներու եւ իշխաններու դիմաց հանեն դատելու համար, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ եւ կամ ի՛նչ պիտի ըսէք, որովհետեւ Ս. Հոգին ձեզի պիտի սորվեցնէ այդ ժամուն ձեր ըսելիք» (Ղկ 12.11-12):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026