ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՕՐԸ՝ ՕԳՈՍՏՈՍԻ 28

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց եպիսկոպոսներու համար ճշդուեցաւ նոր թուական մը: Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթին զուգահեռ՝ Արմաւիր մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր առաջին դատական լսումը, որու դատաւորը ինքնաբացարկ ներկայացուցած էր: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ վերանշանակուած դատաւոր Սերժ Ռուշանեան որոշած է նոր դատական նիստի թուականը: Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազանները դարձեալ դատարան պիտի ներկայանան օգոստոսի 28-ին, Հայաստանի ժամով 16.30-ին: 

Առաջին դատական նիստէն առաջ եւ վերջ, Վեհափառ Հայրապետն ու դատարան կանչուած վեց սրբազանները ժողովրդական մեծ զօրակցութեան առարկայ դարձած էին: Անցեալ կիրակի, Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն եւս մասնակցած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: 

Հայաստանէ ներս, իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուած եկեղեցահալած քաղաքականութեան պայմաններու ներքեւ Վեհափառ Հայրապետն ու ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազանները կը դատուին՝ զարմանալի մեղադրանքով մը՝ քանի անոնք կ՚ամբաստանուին եկեղեցւոյ վարչական կեանքին վերաբերեալ բնականոն գործառոյթներու իրականացման համար: 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2026