ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Երեւանի մօտ Գանատայի դեսպան Էնտրու Թըրնըրը, որու դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը աւարտին հասած է։
Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին նկատմամբ յայտնեց իր գնահատանքը՝ Հայաստանէ ներս իրականացուցած արդիւնաշատ առաքելութեան համար։ Ան ընդգծեց դեսպանին ներդրումը՝ երկու երկիրներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ միջպետական կապերու առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի իշխանութիւններու եւ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ յատուկ գնահատանքով խօսեցաւ Գանատայի հայ համայնքի մասին՝ կարեւորելով անոր գործօն դերակատարութիւնը երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքէն ներս եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ։
Իր կարգին, դեսպան Էնտրու Թըրնըր շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար եւ անցեալ տարիներուն անոր կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան կապակցութեամբ։ Ան ներկայացուց Հայաստանէ ներս պաշտօնավարութեան իր փորձառութիւնն ու տպաւորութիւնները՝ արձանագրելով, որ իր հետ կը տանի լաւագոյն յիշողութիւններ հայ ժողովուրդի եւ անոր հարուստ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կապակցութեամբ։
Զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին յաջողութիւններ մաղթեց իր ապագայ դիւանագիտական գործունէութեան համար։
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։