ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Աստուածաշունչի գիտելիքներու մասին մրցոյթի եզրափակիչ փուլը։ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, այս մրցոյթը կազմակերպուած է՝ Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։ Հայորդեաց տուներու հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որու եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս։ Մրցոյթի նպատակն է խաղերու եւ հարցում-պատասխանի միջոցաւ սաներուն ծանօթացնել Սուրբ Գիրքն ու խորացնել անոնց գիտելիքները անոր վերաբերեալ։ Ծրագրի առաջին փուլը տեղի ունեցած էր անցեալ մայիսին։
Եզրափակիչ փուլի մասնակիցներուն ընծայուեցան Աստուածաշունչ մատեաններ։ Ծրագրի մասնակից Հայորդեաց տուներու սաները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, որ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը՝ գոհունակութիւն յայտնելով Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրման ուղղութեամբ սաներուն կողմէ ցուցաբերուած ջանասիրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հոգեւոր կրթութեան դերը մանուկներու եւ պատանիներու քրիստոնէական եւ ազգային նկարագրի կերտման կարեւոր առաքելութեան մէջ։ Ան սաներուն յորդորեց սերտել Սուրբ Գիրքը եւ անոր պատգամները կենսագործել առօրեայէ ներս։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան, Հայորդեաց տուներու հոգեւոր սպասաւորներուն, տնօրէնութեան, մանկավարժներուն եւ սաներու ծնողներուն՝ նուիրեալ ու նախանձախնդիր աշխատանքի համար։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնը՝ մաղթելով, թէ զօրանան հաւատքի մէջ, ըլլան ազգի արժանաւոր զաւակներ, սիրով շարունակեն ուսումը եւ իրենց գիտելիքներն ու շնորհները ծառայեցնեն մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարօրութեան ու յառաջընթացին։
