ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն քաղաքս ժամանած խումբ մը ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Տ. Շաւարշ քահանայ Սիմոնեանի: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալեց՝ 28 ուխտաւորէ բաղկացեալ այս խումբը, որու նկատմամբ ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք: Ողջունելով հիւրերը՝ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ անոնց ուխտագնացութիւնը հոգեւոր կեանքի խրախոյս կը հանդիսանայ՝ իւրաքանչիւր մասնակցի տեսակէտէ: Ան աւելի վերջ տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան ու մանաւանդ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ զբաղեցուցած դիրքին շուրջ՝ որպէս նուիրապետական աթոռ: Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին: 

Ճանաչողական այս բաժնէն վերջ զրոյցը շարունակուեցաւ հոգեւոր նիւթերու շուրջ: 

Հուսկ, ուխտաւորները Գնալըի բարձունքէն հրաժեշտ առին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ եւ բարեմաղթանքներով զօրացած։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2026