ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՈՒՔՈՎ

Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան աւանդական արարողութիւնները, որոնք համախմբեցին համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տուաւ պատգամ մը։ Ներկայ էին՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան, Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան, Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեան եւ Տ. Սարգիս աւ. քահանայ Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգըս-տեան պաշտօն։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատուութեան: Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին բոլոր ներկաները առարկայ դարձան՝ Ռումելիհիսարի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատի եւ գործակից ընկերներու հիւրընկալութեան։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք հօր հուսկ բանքով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2026