ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քրիստոնեայ գործարարներու միութեան» անդամները։ Հանդիպման սկիզբին ելոյթ ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ նշանակուած համակարգող Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեան եւ միութեան համահիմնադիր Շաւարշ Կարապետեան, որոնք Վեհափառ Հայրապետին որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան եւ մշտական աջակցութեան համար։ 

Իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն՝ Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ողջունեց միութեան անդամներուն այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ կարեւորելով նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու դերն ու նշանակութիւնը հայրենական կեանքի շէնացման նուիրական գործին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման ուղղեալ ծրագրերուն երիտասարդ քրիստոնեայ գործարարներուն բերած զօրակցութեան ու աջակցութեան։ Ան ընդգծեց, որ հայոց եկեղեցին զօրաւոր է իր հաւատացեալ հայորդիներով։

Հանդիպման տեւողութեան միութեան անդամները Վեհափառ Հայրապետին ուղղեցին զանազան հարցումներ։ Անոնք հայցեցին Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, խորհուրդներն ու հայրական պատգամները՝ իրենց ապագայ գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ, ազգանուէր եւ եկեղեցաշէն ընթացքով հունաւորելու համար։ 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը մաղթեց ներկաներուն՝ պատգամելով անոնց շարունակել իրենց գործունէութիւնը՝ ի խնդիր հայրենանուէր եւ եկեղեցանպաստ ծրագրերու իրականացման եւ Հայաստանի շէնացման։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2026