ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Ռայլի Պառնս եւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Պրայն Պըրչ այցելեցին Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Պատուիրալութեան մաս կազմեցին նաեւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութենէն այլ պաշտօնատարներ։ 

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտները։ Զրոյցի ընթացքին մասնաւորապէս օրակարգի վրայ եկաւ Արնոնայի հարցը։ Սա Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոններէն պահանջուած տուրքն է, որ մեծ վէճերու դուռ կը բանայ։ Արդարեւ, պատմութեան ընթացքին Երուսաղէմի մէջ քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոնները միշտ եղած են տրազերծ։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ամերիկացի դիւանագէտները շօշափեցին հրեայ ծայրայեղականներուն կողմէ քրիստոնեայ հոգեւորականներու դէմ կատարուած արարքները՝ անոնց վրայ թքելու դէպքերով հանդերձ։ Ի լրումն այս բոլորին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ հոգեւորականներուն եւ համայնքներուն կողմէ դիմագրաւուած այլ հարցերու շուրջ։ 

Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան վրդ. Գոգճեան։ 

Նորին Ամենապատուութենէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, ամերիկեան պատուիրակութիւնը շրջայցի մը առաջնորդուեցաւ՝ հայոց վանքի համալիրէն ներս։ Անոնք այս առթիւ տեղեկութիւններ ստացան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատմութեան, առաքելութեան, դերակատարութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին մէջ զբաղեցուցած դիրքին մասին՝ որպէս նուիրապետական աթոռ։ Իլրումն այս բոլորին, անոնք տեսան Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարը, նաեւ ընդհանուր պատկերացում մը կազմեցին սաղիմահայութեան ներկայ կեանքին շուրջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026