ԻՏԱԼԻԱՅԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Թրիէսթէի թեմի հոգեւորականները: Այս վերջինները ուխտաւորաբար կ՚այցելեն Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Իտալացի հոգեւորականներու խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: Ուխտաւոր հոգեւորականներու գլուխը կը գտնուէր Թրիէսթէի թեմակալ առաջնորդ Էնրիքօ Թրեւիզի եպիսկոպոսը։ Հանդիպման ընթացքին կաթոլիկ վիճակաւորը Նորին Սրբութեան ներկայացուց հիւրերը՝ նշելով, որ ուխտագնացութեան նպատակն է զօրանալ քրիստոնէական հաւատքի մէջ եւ եղբայրական սիրով զօրացեալ ծառայել Աւետարանի քարոզչութեան:
Իր օրհնութիւնը փոխանցելով ներկաներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան, մշակոյթի կերտման եւ պահպանման գործին մէջ քրիստոնէական հաւատքի դերակատարութեան: Ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ, քրիստոնէական իր հաւատքով ու լաւատեսութեամբ յաղթահարած է դարերու փորձութիւնները:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ խօսեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ սերտ յարաբերութիւններու եւ զանազան ոլորտներէ ներս արդիւնաւոր գործակցութեան մասին: Ան ընդգծեց, որ այս այցելութիւնը եւս եղբայրական այդ կապերու հերթական վկայութիւնն է: Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց այսօրինակ ուխտագնացութիւնները հոգեւոր նորոգութեան եւ քրիստոնէական համայնքներու փոխադարձ ճանաչողութեան խորացման առումով:
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց հիւր հոգեւորականներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, արդի ժամանակներու մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ հոգեւոր-կրթական առաքելութեան: