ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ բարձր հովանաւորութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ վեհարանի մեծ դահլիճին մէջ, ուր Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին բարձրաստիճան հոգեւորականներ։
Նորին Սրբութեան Հայրապետական Սրբատառ կոնդակներով պարգեւատրուեցան հինգ անձնաւորութիւններ՝ ի գնահատութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մատուցուած երկարամեայ եւ նուիրեալ ծառայութիւններու համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանի տնօրէնուհի Մանիա Ղազարեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի եւ «Վազգէնեան» դպրանոցի երկարամեայ դասախօսներ Ալվարդ Բարխուդարեան եւ Արփենիկ Ղազարոսեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գլխաւոր ճարտարապետի տեղակալ Գրիգոր Նալպանտեան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ պարգեւատրուեցան «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանով։
Բացի այդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մոմաձուլարանի տնօրէն Նորայր Խաչատրեանն ալ պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։
Արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ «Էջմիածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցան Հայրապետական Սրբատառ կոնդակներն ու շքանշանները։
Վեհափառ Հայրապետը մի առ մի յանձնեց օրուան մեծարեալներուն շքանշանները՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։
Ան, շնորհաւորելով մեծարեալները, բարձր գնահատեց անոնց նուիրեալ ծառայութիւնն ու բարի վաստակը՝ ի պայծառութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հայոց եկեղեցին հոգեխնամ եւ ազգապահպան իր առաքելութեամբ դարեր շարունակ զօրացուցած է մեր ժողովուրդի հաւատքը եւ անխաթար պահած ազգային ինքնութիւնը, ոգին ու գիտակցութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց շնորհընկալներուն՝ ազգային եւ եկեղեցական արժէքներուն հաւատարիմ շարունակել իրենց ծառայութիւնը եւ Բարձրեալի օրհնութեամբ իրենց կեանքը զարդարել ազգօգուտ եւ եկեղեցանուէր նորանոր իրագործումներով ու յանձնառութիւններով։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։