ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿԻՑ ՄՈՆՍ. ԼՈՒԻ ՓԵԼԱԹՐԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Ցաւով կը տեղեկանանք, որ ի Տէր հանգած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ բազմամեայ սպասաւորներէն Մոնս. Լուի Փելաթր եպիսկոպոսը: Երկար տարիներ ան պաշտօնավարած էր Թուրքիոյ մէջ, մանաւանդ, որ այդ ժամանակաշրջանի կարեւոր մէկ հատուածին եղած էր Իսթանպուլի մօտ պապական փոխանորդ: Հոգելոյս մոնսենիէօրը Իսթանպուլի մէջ դրական կապեր մշակած էր Պատրիարքական Աթոռի նախկին գահակալներուն հետ՝ միշտ եղբայրական սիրոյ եւ համագործակցութեան տրամադրութեամբ:
Մոնս. Լուի Փելաթրի վախճանման կապակցութեամբ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ցաւակցական մը ուղարկեց Լատին կաթոլիկներու այժմու վիճակաւոր Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ արքեպիսկոպոսին: Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը հանգուցեալ մոնսենիէօրի հոգւոյն խաղաղութիւն հայցեց եւ իր բարոյական զօրակցութիւնը արտայայտեց քաղաքիս կաթողիկէ հոգեւորականաց դասուն: