ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը տեղի ունեցաւ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութեան առթիւ։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։ Կղզեբնակ կոկիկ թիւով հաւատացեալներ մասնակցութիւն բերին գոհաբանական աղօթքին, որ տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին։ Աղօթքին մասնակցեցաւ նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026