Հինգշաբթի 26, Մարտ 2026
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Երէկ առաւօտ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեան։ Ներկայ էին նաեւ՝ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Թադէոս Քարափեքմեզի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ Էսաեան վարժարանի ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։ Բոլոր ներկաները ջերմ զրոյց ունեցան իրարու միջեւ՝ մաղթելով, որ Բարձրեալը արժանացնէ միասնաբար Ս. Զատիկը ողջունելու։
Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2026