ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ բարձր նախագահութեամբ, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը։

Պատարագիչն էր Տ. Դանիէլ եպսկ. Ֆընտըքեան, որու ձեռամբ քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացան՝ ինն սարկաւագներ, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տարբեր կառոյցներէ եւ թեմերէ ներս կը ծառայեն։ Նորին Սրբազնութիւնը քահանայութեան կոչելով նոր ընծաները՝ Սրբալոյս Միւռոնով օծեց անոնց ճակատներն ու ձեռքերը, ինչպէս նաեւ նորաօծ եկեղեցականներուն շնորհեց նոր հոգեւոր անուններ։

Մինչ նորաօծ քահանաները ներկաներուն փոխանցեցին իրենց անդրանիկ օրհնութիւնը՝ Տ. Դանիէլ եպսկ. Ֆընտըքեան օրուան քարոզը խօսեցաւ՝ անդրադառնալով «Անմիտ մեծահարուստը» առակին։ Ան շեշտեց, որ նիւթական բարեկեցութիւնը պէտք չէ շփոթել կեանքի իրական լիութեան հետ, որովհետեւ առատութիւնը կը չափուի ո՛չ թէ կուտակուած հարստութեամբ, այլ սիրով, ծառայութեամբ եւ Աստուծոյ արքայութեան գանձերով։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ մարդկային կեանքէ ներս կարելի է շեղիլ ժամանակաւոր խնդիրներով ու նիւթական նպատակներով՝ մոռնալով գլխաւոր կոչումը։ Ան ներկաներուն յորդորեց նախ փնտռել Աստուծոյ արքայութիւնը եւ իրենց կեանքը նուիրել Քրիստոսին ու ժողովուրդին ծառայելու։

«Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններն ու ներկայ հոգեւորականաց դասը Ս. Խորան բարձրացան եւ շնորհաւորեցին նորաօծ քահանաները՝ համբուրելով անոնց միւռոնադրոշմ ճակատներն ու ձեռքերը։

Նոյն օրը, երեկոյեան, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ վեղարի տուչութեան արարողութիւն։ Նորաօծ ինն քահանաներէն երեքը ստացաւ վեղար՝ համալրելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան շարքերը։

Նորաօծ քահանաները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պիտի անցընեն քառասնօրեայ պատրաստութեան, ապաշխարութեան եւ աղօթքի շրջանը, որմէ վերջ ծառայութեան պիտի կոչուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տարբեր կառոյցներէն կամ թեմերէն ներս։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2026