ՄԱԼԱՆԿԱՐԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՓՍՈՍԱՆՔ ՅԱՅՏՆԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԴԷՄ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ՝ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմէն ներս, շաբաթավերջին, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Մալանկարայի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Վասիլի Մար Թովմաս Մատթէոս Գ.-ն ու իրեն ընկերակից պատուիրակութիւնը։ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան հիւրերը ընդունեց Մոսկուայի առաջնորդարանի համալիրէն ներս։ Առաջնորդանիստ Ս. Պայծառակերպութիւն Մայր տաճարէն ներս տեղի ունեցաւ համատեղ աղօթք: Այնուհետեւ հիւր պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ եկեղեցւոյ յարակից «Տապան» թանգարանի ցուցադրութեան։ Հարկ է նշել, որ Վասիլի Մար Թովմաս Մատթէոս Գ. մասնակցեցաւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքի ծննդեան 80-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական տօնակատարութիւններուն, որոնց շրջանակներէն ներս այցելեց նաեւ տեղւոյն հայոց առաջնորդարանը։ 

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան հիւրերը ընդունեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ՝ ողջունելով զանոնք: Ան շեշտեց, որ այցելութիւնը կ՚արտայայտէ երկու հնագոյն արեւելեան քրիստոնէական դաւանակից եկեղեցիներու հոգեւոր մերձեցումն ու եղբայրական կապերը։ 

Իր կարգին, Վասիլի Մար Թովմաս Մատթէոս Գ. ցաւ ու ափսոսանք յայտնեց, որ այցելութեան ընթացքին չէ կարողացած անձամբ տեսակցիլ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ երկրէն դուրս գալու անիրաւ արգելքին հետեւանքով։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ապագային հնարաւոր կ՚ըլլայ անմիջական շփում հաստատել։ «Մեզ կը միաւորեն նոյն հաւատքն ու քրիստոնէական եղբայրութեան դարաւոր կապերը։ Այս դժուարին պահուն մենք կ՚աղօթենք եւ կը զօրակցինք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Հանդիպման աւարտին կողմերը փոխանակեցին յուշանուէրներ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2026