ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ. ՆԱՓՈԼԻԻ ՀԱՅՈՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԱԾԷՍ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ՁԵՌԱՄԲ Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութիւնը շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի հայոց Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ։ Այս վերջինը կաթոլիկ եկեղեցի մըն է, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները կը պահուին։
Մուտն ի վիրապին առթիւ, այս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Արարողութիւններուն նախագահեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։ Ներկայ էր նաեւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Նափոլիի վիճակաւորի փոխանորդը՝ Կայեթանօ Քասթելլօ արքեպիսկոպոսը, որ եւս հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ մասնաւորապէս հաղորդելով վիճակաւորին՝ Տոմենիքօ Պաթալիայի ողջոյնները։
Նափոլիի արարողութիւններուն Եւրոպայի շուրջ տասն երկիրներէն հայ ուխտաւորներ մասնակցեցան։ Այդ երկիրներու շարքին էին՝ Յունաստան, Սպանիա, Պելժիա, Հոլանտա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Աւստրիա, Պուլկարիա, Ուքրայնա եւ, անշուշտ, Իտալիա։ Հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտը բազմապատկուեցաւ՝ մանաւանդ, որ ուխտաւորներու շարքին հոծ թիւով երիտասարդներ կը գտնուէին։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ շարունակուեցաւ ստեղծուած հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտը։ Ուխտագնացութեան մասնակիցները նկարահանուեցան՝ ի յիշատակ այս յատկանշական օրուան։