ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ՝ ԲԱՅՑ ՄԷԿ ՄԱՐՄԻՆ
Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կը կարդանք. «Բայց արդ, բազմաթիւ անդամներ կան, սակայն՝ մէկ մարմին: Աչքը չի կրնար ըսել ձեռքին, թէ՝ ինծի պէտք չես. եւ կամ նոյն ձեւով գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ ինծի պէտք չէք» (Ա. Կր 12.20-21): Պօղոս առաքեալ 12-րդ գլուխին 12-26 համարներուն մէջ կը խօսի ու կը բացատրէ, թէ թէեւ բազմաթիւ անդամներ կան մարդու մարմինին մէջ, սակայն, մարմինը որպէս ամբողջութիւն մէ՛կ է եւ մէկ անդամը չի՛ կրնար ուրիշ մէկ անդամէ մը հրաժարելով շարունակել իր բնականոն կեանքը: Այս օրինակը կը բերէ առաքեալը մատնանշելով Քրիստոսի Եկեղեցին, որ թէեւ մէկ Մարմին է, սակայն, ունի բազմաթիւ անդամներ եւ իւրաքանչիւր անդամ իր տեղն ու դերը ունի այդ Մարմինի ամբողջութեան մէջ:
Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը այս երկու համարներուն մասին այսպէս գրած են.
* Եթէ աչքը առողջ է ու պարզ կը տեսնէ, ապա ի՞նչ ուրախութիւն կրնայ ունենալ, եթէ մարմինին միւս անդամները կորսնցնէ: Ինչպէ՞ս կրնայ այն ամբողջական երեւիլ առանց ձեռքերու, ոտքերու եւ մարմինի մնացած անդամներուն (Որոգինէս):
* Ամենաբարձր կոչումով կամ պատիւով մարդը չի՛ կրնար առանց իրմէ [դիրքով, պաշտօնոց] ցած եղողներուն գործել: Որովհետեւ, բաներ կան, որոնք աւելի քիչ պատուաւորները կրնան ընել՝ քան մեծերը, ինչպէս երկաթը կրնայ ընել այն, ինչ որ ոսկին չի կրնար: Հետեւաբար, ոտքերը պատուաւոր աշխատանք կը կատարեն գլուխին համար (Սուրբ Ամպրոսիոս):
* Եկեղեցին երկու ճշմարիտ աչք ունի՝ մկրտուածներն ու առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խորհուրդները կը տեսնեն Սուրբ Գիրքին մէջ: Այն նաեւ ունի երկու ձեռքեր, որոնք աշխատող մարդիկն են, որ թէեւ աչքեր են՝ բայց ձեռքեր են: Արդեօք անոնց Սուրբ Գիրքին խորհուրդները կը բացայայտե՞ն: Ո՛չ. բայց անոնք զօրաւոր են իրենց գործին մէջ: Եկեղեցին ունի երկու ոտքեր, որոնք պաշտօնական ամէն տեսակի ճամբորդութիւնները կը կատարեն: Ոտքը կ՚ընթանայ, որպէսզի ձեռքը գտնէ գործէ՝ որ կը կատարէ: Աչքը չ՚անարգեր ձեռքը եւ ո՛չ ալ այդ երեքը կ՚անարգեն փորը, կարծէք անգործ եւ առանց աշխատանքի ըլլայ (Սուրբ Հերոնիմոս):
* Աստուած մեզի այս խորհուրդը կու տայ, ո՛չ միայն բաժանումը կանխելու համար, այլ՝ որպէսզի սէր եւ ներդաշնակութիւն տանք: Եթէ իւրաքանչիւր մարդու էութիւնը կախեալ ըլլայ իր նմանին խաղաղութենէն, ապա ասկէ պալաս կամ աւելի չ՚ըլլար, որովհետեւ զինք սիրելէն աւելի պակաս կամ առաւել բան չկայ: Մարմինը որպէսզի գոյատեւէ, ապա անոր անդամներու միջեւ եղած տարբերութիւններն ալ յստակօրէն կը տեսնես, իսկ երբ մեռնի՝ չես տեսներ զայն: Կործանումը, անխուսափելիօրէն կը պատահի, եթէ նուազ պատուաւոր անդամները չգործեն (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
23 մարտ 2026, Վաղարշապատ