ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ կ՚ոգեկոչենք յիշատակը Օսմանեան կայրսութենէն ներս իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան մեր Սուրբ Նահատակներու, որոնք անմահացան՝ իրենց հոգիներուն անմար պահելով սէրն առ Քրիստոս եւ առ հայրենին։
Ապրիլի 24-ը խորհրդանշականօրէն կ՚ամփոփէ մեր ժողովուրդի հաւաքական տառապանքը, որու մէջ խտացուած են մէկ եւ կէս միլիոն մարտիրոսացեալ հայորդիներու, հայրենակորոյս, տարագիր ազգիս զաւակներու, մշակութային եղեռնի ենթարկուած մեր վանքերու եւ եկեղեցիներու, աւիրուած բնակավայրերու յիշողութիւնները։ Այդ ողբերգութիւնը, սակայն, չկոտրեց մեր ազգի ոգին։ Մեր ժողովուրդը վերապրեցաւ ցեղասպանութիւնը, ամէնուր նոր կեանք վերընձիւղեց, վերահաստատեց հայոց անկախ պետականութիւնը։
Ապրիլի 24-ը ուխտի օր է՝ միահիւսուած աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան, որ զերծ է թշնամանքէ ու ատելութենէ, ուղղուած է արդարութեան ու ճշմարտութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութեան արհաւիրքի ուրացման բացառման։
Ցեղասպանութեան աղիտալի դէպքերէն հարիւրամեակ անց, երբ կը թուէր, թէ նման սոսկալի յանցագործութիւնները անցեալի մէջ մնացած են, ցաւօք, նոր ցեղասպան գործողութիւններով հայաթափուեցաւ Արցախը, բռնութեամբ տեղահանուեցան աւելի քան 120 հազար արցախցիներ։ Այս ծանր կացութեան եւ առկայ սպառնալիքներու յանդիման, մեր նահատակներու զոհողութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ ամրապնդել մեր միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը եւ հզօրացնել հայոց պետութիւնը։ Յիրաւի, համազգային միասնականութեամբ կարող կ՚ըլլանք արդիւնաւորելու ջանքերը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման եւ արգասաւորելու քայլերն ու նախաձեռնութիւնները՝ յանուն ազգային առաջընթացի եւ խաղաղ ու անվտանգ կեանքի։
Աղօթենք եւ հայցենք, որ մեր նահատակ սուրբերու բարեխօսութեամբ խաղաղութեան երկնային շնորհները եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ողորմութիւնն ու սէրը բաշխուին համայն աշխարհին, մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին այսօր եւ միշտ. ամէն։