Երեքշաբթի 24, Նոյեմբեր 2026
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ նախօրէին ձեռնադրուած ինն քահանաները, որոնցմէ երեքը ստացած է վեղար։ Վեհափառ Հայրապետը նորաօծ քահանաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յորդորներ տուաւ՝ անոնց ծառայութեան շրջանի սկիզբին։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականները կը նուիրուին ծառայելու Աստուծոյ, ժողովուրդին եւ հայրենիքին։ Հուսկ, ան «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորաօծ քահանայ հայրերը։
Հարկ է նշել, որ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Տ. Դանիէլ եպսկ. Ֆընտըքեանի ձեռամբ, շաբաթավերջին քահանայական օծում եւ ձեռնադրութիւն ստացած էր ինն միաբան։
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2026