ԿԱՐԵՒՈՐ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ անդրադառնալով առկայ պատերազմական իրավիճակի մէջ պաշտամունքներու կազմակերպման։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրբ Աթոռի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

*

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը այսու կը տեղեկացնէ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ վերջին օրերուն համացանցին մէջ տարածուած տեղեկութիւնները՝ Սուրբ Յարութեան Տաճարի, Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի փակման, ինչպէս նաեւ տաճարին մէջ մատուցուող Սուրբ Պատարագներու, թափօրներու եւ այլ սրբազան արարաղութիւններու վերաբերեալ, կեղծ լուրեր են։

Ներկայ պատերազմական իրավիճակի սկիզբէն մինչ օրս, Սուրբ Յարութեան Տաճարի հաստատուած սթաթիւքոյի թելադրութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին վերապահուած բոլոր արարողութիւնները կատարուած են եւ կը շարունակուին առանց ընդհատման։ Բացառութիւն կը կազմեն Մեծ պահոց շրջանին յատուկ որոշ արարողութիւններ, որոնք կը կատարուին դռնփակ՝ անվտանգութեան նկատառումներով, փոքրաթիւ միաբաններու մասնակցութեամբ։ 

Անվտանգութեան պահպանման ներկայ իրավիճակին տեւողութիւնը տակաւին անորոշ է եւ առայժմ անկարելի է ճշդել Աւագ շաբթուայ եւ Զատկական տօներու արարաղութիւններու վերջնական ժամանակացոյցը։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը մշտապէս հաղորդակցութեան մէջ է Սուրբ Յարութեան Տաճարի միւս երկու իրաւատէրերուն, ինչպէս նաեւ համապատասխան պետական մարմիններուն հետ։ Երբ Աւագ շաբթուայ եւ Զատկական տօներու արարողութիւններու ժամանակացոյցին վերաբերեալ վերջնական որոշումներ առնուին, Պատրիարքարանը կը ծանուցէ մերազն հաւատացեալներուն եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին։ 

Այս դժուարին պայմաններու մէջ, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը կ՚աղօթէ Սուրբ Երկրի խաղաղութեան եւ անդորրութեան վերահաստատման համար։ 

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը քրիստոնէական ամենահին ներկայութիւն է Սուրբ Երկրին մէջ եւ պիտի շարունակէ հաւատարմօրէն իր սրբազան առաքելութիւնը, որ անխափան կը շարունակուի չորրորդ դարէն մինչեւ մեր օրերը։

ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ

22 մարտ, 2026

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2026