ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ԼՈՒԻ ՓԵԼԱԹՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Իսթանպուլի քրիստոնեաները այս օրերուն ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տան՝ քաղաքիս նախկին Պապական փոխանորդ Լուի Փելաթր արքեպիսկոպոսին, որ յառաջացած տարիքի մէջ կնքած է իր մահկանացուն: Երէկ, Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ մոնսենիէօրին յուղարկաւորութիւնը, որու բոլոր մասնակիցները բիւր յարգանքով խոնարհում բերին անոր բարի ու ազնիւ յիշատակին առջեւ: Յուղարկաւորութեան նախագահեց քաղաքիս լատին կաթոլիկներու վիճակաւորը՝ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եպիսկոպոսը:
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Պատրիարքական փոխանոր Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան: Քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու շարքին՝ ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքն ալ մասնակցեցաւ հանգուցեալ մոնսենիէօրի վերջին հրաժեշտին:
Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մոնս. Փալինուրոյին ցաւակցութիւններ յայտնեց յանուն Պատրիարքական Աթոռին։