ԱՌԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
Տիմոթէոսին ուղղած իր առաջին նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ հետեւեալը կը գրէ անոր. «Կը գրեմ քեզի այս բանը, որովհետեւ յոյս ունիմ, որ շուտով կու գամ: Իսկ եթէ ուշանամ, դուն կը գիտնաս, թէ ինչպէս պէտք է վարուիս Աստուծոյ տան մէջ, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնն ու հաստատութիւնը: Եւ յայտնապէս մեծ է աստուածապաշտութեան խորհուրդը, որ մարմինով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհի մէջ հաւատալի եղաւ եւ փառքով երկինք վերացաւ» (Ա. Տմ 3.14-16):
Այս տողերուն մէջ Պօղոս առաքեալ հիմնական երկու կարեւոր կէտերու մասին կ՚անդրադառնայ: Առաջինը այն, որ Աստուծոյ տունը՝ Կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին, ճշմարտութեան սիւնն ու հաստատութիւնն է: Այսօրուան մարդը ճշմարտութեան մնայուն փնտռտուքի մէջ է: Մարդիկ ամէն տեղ, ամէն ինչի մէջ ճշմարտութիւն կը փնտռեն: Ոմանք որպէս թէ կը գտնեն, ուրիշներ կը կարծեն, թէ գտած են, ոմանք ալ ինքնախաբէութեան մէջ իյնալով կը մտածեն, թէ իրենք արդէն իսկ ճշմարտութեան մէջ են: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է ճշմարտութիւնը գտնել, ճշմարտութիւնը ունենալ, ճշմարտութեան մէջ ըլլալ, առանց եկեղեցւոյ, առանց եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ընդունելու: Առանց եկեղեցւոյ մարդ չի՛ կրնար ճշմարտութեան հասնիլ:
Երկրորդ կարեւոր կէտը, որու կ՚անդրադառնայ առաքեալը, Տէր Յիսուսի յայտնութիւնն է, որ մարմինով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհի մէջ հաւատալի եղաւ եւ փառքով երկինք վերացաւ: Այս կէտը առաջին կէտին ձեւով մը ամբողջացումն է, որովհետեւ առանց Քրիստոսի մարմնացումին, աշխարհի մէջ քարոզուելուն, խաչին վրայ զոհուելուն, յարութիւն առնելուն եւ երկինք համբառնալուն, ապա ո՛չ եկեղեցի կ՚ըլլար, ոչ ալ ճշմարտութիւնը: Եկեղեցւոյ Գլուխը Քրիստոս Ի՛նք է, ճշմարտութիւնը բովանդակուած է Քրիստոսի մէջ, որովհետեւ Ի՛նք է ճշմարտութիւնն ու կեանքը եւ միայն Իրմով կարելի է հասնիլ ճշմարտութեան (տե՛ս Յհ 14.6):
Հրեշտակներուն երեւցաւ արտայայտութիւնը շատերու համար մութ կը մնայ, որովհետեւ գիտենք, թէ հրեշտակները միշտ Անոր ծառայութեան մէջ են: Այո՛, հրեշտակները մինչեւ Տէր Յիսուսի մարդանալը զԻնք Իր Աստուածութեան մէջ տեսած էին, իսկ հիմա, զԻնք ամբողջութեամբ ուրիշ կերպարի մէջ տեսան, որովհետեւ Ան Իր եկեղեցիին՝ այսինքն մարդոց համար մարդացաւ:
Աւարտենք Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի բառերով. «Իրապէս մեծ է այս խորհուրդը. Աստուած մարդ եղաւ եւ մարդը՝ աստուած: Մարդը հիմա առանց մեղքի կ՚երեւի: Մարմնացած Աստուածը հիմա աշխարհի մէջ կ՚ընդունուի եւ քարոզուած կը տեսնեն զԻնք հրեշտակները մեր հետ: Ասիկա իսկապէս մեծ խորհուրդ մըն է: Երանի՜ չարհամարհենք զայն, այլ՝ ապրինք այս խորհուրդին արժանի ձեւով»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
25 մարտ 2026, Վաղարշապատ