Երեքշաբթի 26, Մայիս 2026
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ նախօրէին եպիսկոպոսական օծում ու ձեռնադրութիւն ստացած սրբազանները, որոնց ընկերացաւ Տ. Արմաշ եպսկ. Նալպանտեան, որ կատարած էր խարտաւիլակի պարտականութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց օծման արժանացած Տ. Իսահակ եպսկ. Պօղոսեանը, Տ. Ռուբէն եպսկ. Զարգարեանը, Տ. Անանիա եպսկ. Ծատուրեանն ու Տ. Զաքարիա եպսկ. Բաղումեանը: Նորին Սրբութիւնը նորաօծ եպիսկոպոսներուն մաղթեց եկեղեցական անդաստանէն ներս յարատեւ ծառայութիւն եւ Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութիւն:
Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026