ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԻՆԼԱՆՏԻՈՅ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆինլանտիոյ Լուտերական-աւետարանական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացած պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Ֆինլանտիոյ Լուտերական-աւետարանական եկեղեցւոյ Նիքքելիի թեմի առաջնորդ Մարի եպիսկոպոս Փարքքինէն։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ հայոց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան առնչութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց եկեղեցիներու գործակցութիւնը՝ ի նպաստ քրիստոնէական արժէքներու զօրացման, աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման։
Իր կարգին, Մարի եպիսկոպոս Փարքքինէն Հայոց Հայրապետին փոխանցեց Ֆինլանտիոյ Լուտերական-աւետարանական եկեղեցւոյ առաջնորդ Թափիօ արքեպիսկոպոս Լուոմայի եղբայրական ողջոյնները։ Եպիսկոպոս Փարքքինէն տեղեկացուց, որ այցելութեան նպատակն է ի մօտոյ ծանօթանալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան ու աւանդութիւններուն։ Ան նաեւ ընդգծեց միջեկեղեցական երկխօսութեան զարգացման, փոխադարձ զօրակցութեան եւ Աւետարանական ճշմարտութիւններու միասնական վկայութեան անհրաժեշտութիւնը։