ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի պատերազմի մասնակիցներէն Արտաշէս Ամիրեանը, որու բուժումը աւարտած է Հնդկաստանի մէջ։ Արտաշէս Ամիրեան, որ Արցախի տակաւին առաջին պատերազմին դարձած էր հաշմանդամ, Վեհափառ Հայրապետի հոգածութեամբ մեկնած էր Հնդկաստան՝ անհրաժեշտ բուժումը ստանալու համար։ Փրոթեզաւորումէ վերջ ան վերադարձած է Հայաստան եւ իր ընտանիքին հետ Նորին Սրբութեան ներկայացաւ՝ արտայայտելու համար երախտագիտութիւնը ցուցաբերուած աջակցութեան համար։

Զրոյցի ընթացքին Ամիրեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց բուժման արդիւնաւէտ ընթացքի եւ Հնդկաստանէ ներս խնամատար կեցութեան մասին։

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնն ալ Արտաշէս Ամիրեանին փոխանցեց օրհնութիւնները՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ այս բուժումով ան պիտի բարելաւէ կենսագործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց նաեւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի շարունակէ անհրաժեշտ աջակցութիւնն ու մշտական հոգածութինը ցուցաբերել յանուն հայրենիքի պայքարին մէջ իրենց առողջութիւնը նուիրաբերած հայորդիներուն՝ զօրակցելով անոնց եւ իրենց ընտանիքներուն։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2026