ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Եսայիի մարգարէութեան 46-րդ գլուխը կը խօսի Աստուծոյ գթառատութեան մասին, թէ ինչպէս Ան մեր՝ մարդոց ծանրութիւնները, դժուարութիւններն ու նեղութիւնները կը շալկէ: Այս գլուխը կարդալով այն եզրակացութեան կու գանք նաեւ, թէ Աստուած ինչպէս անցեալին պահած ու պահպանած է Իր ժողովուրդը, ներկայիս եւս կը պահէ ու կը պահպանէ Իրեն հաւատացողներն ու ապաւինողները:
Այս գլուխին 8-13 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Ասիկա յիշեցէք ու մա՛րդ եղէք, մտքերնիդ բերէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ: Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. քանզի Ես եմ Աստուած եւ Ինձմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ Ինծի պէս մէկը չկայ, որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի ու կ՚ըսեմ թէ “Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ Իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի”: Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ ու հեռու երկրէ՝ Իմ խոհուրդս գործադրելու մարդը: Ես խօսեցայ ու Ես պիտի կատարեմ: Ես խորհեցայ ու Ես պիտի գործադրեմ: ‘Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ, Ինծի՛ մտիկ ըրէք. Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի, անիկա պիտի չհեռանայ: Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ. Սիօնի մէջ փրկութիւն պիտի դնեմ ու Իմ փառքս՝ Իսրայէլին համար’»:
Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը բացատրէ այս համարները.
* Այս է Աստուծոյ ուրախութիւնը, որ անցեալին գործեց եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գործել ու պիտի շարունակէ գործել՝ Իր ժողովուրդին փրկութեան համար։ Անոնց բեռը կրեց Մովսէսի օրերուն՝ Եգիպտոսէն ելքի ընթացքին, նոյնը ըրաւ նաեւ Բաբելոնեան գերութենէն վերադարձին ժամանակ, եւ տակաւին կը կրէ զանոնք Խաչի շարունակուող զոհաբերութեան մէջ։
Կիւրոսը -Տէր Յիսուս Քրիստոսի նախատիպը- «գիշատիչ թռչուն» կոչուեցաւ, որովհետեւ արագաշարժ էր ու հզօր, կը յարձակէր Բաբելոնի վրայ՝ զայն որսի պէս գրաւելու համար, կը խլէր անոր աստուածներն ու գանձերը… Ան նախատիպն է Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ յարձակեցաւ չարի թշնամիին վրայ, կործանեց անոր թագաւորութիւնը, որպէսզի մարդուն վերադարձնէ անոր արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը եւ հոգեւոր հարստութիւնը։
«Հեռու երկրէն՝ Իմ խորհուրդի մարդը», խորհրդանշանն է Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ երկինքէն եկաւ՝ «Մարդու Որդի» ըլլալու (Իմ խորհուրդի մարդը), որ Իր մէջ հաճութեամբ կը կատարէ Հօր կամքը։
Եսայի մարգարէն կը տեսնէ հեռուէն եկող Փրկիչը եւ կը կանչէ հեռաւոր ազգերը՝ մօտենալու Իրեն եւ վայելելու Իր արդարութիւնն ու փրկութիւնը․ «Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ, Ինծի՛ մտիկ ըրէք. Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի, անիկա պիտի չհեռանայ: Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ»…։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
26 մարտ 2026, Վաղարշապատ