ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբին հիմնադրութեան 127-րդ տարեդարձը։ Սա ընթացիկ տարեդարձէ մը աւելի նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ տօնախմբութիւնը կազմակերպուած էր՝ վերջին շրջանին կեանքի կոչուած վերակազմութեան ծրագրի ի կատար ածման ի շարունակութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուն էր եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ վրդ. Ուչքունեան, Տ. Զատիկ վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան, Տ. Թէոդիկ քհնյ. Չեթինքայա եւ քոյր Հռիփսիմէ Թէրզեան։

Հանդիսադիր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արարողութեան ընթացքին ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց կարգ մը դպիրներու, որոնք հետեւողական ծառայութիւն կը բերեն Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին վերյիշուեցան Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրները, դպրապետները, երաժշտապետները, վարչայինները, սատարողներն ու բոլոր անդամները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ արարողութեան, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Դպրապետ Լեւոն սրկ. Գույումճեան, տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Արդար Պաղճը, դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան ելոյթներով հանդէս եկան՝ անդրադառնալով վերջին շրջանի վերակազմութեան եւ ձեռքբերումներուն։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ յանձնուեցան յուշանուէրներ՝ մանաւանդ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի բազմամեայ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանին։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով եւ Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2026