ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Բացայայտէ Հայաստանը» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդները: Խումբին ուղեկցեցաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան: Հանդիպման սկիզբին Վազգէն Եագուպեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ փոխանցեց այս ծրագրերուն վերաբերեալ՝ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային ինքնագիտակցութեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի հետ կապի ամրապնդման տեսանկիւնէն: 

Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց երիտասարդներուն՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ ՀԲԸՄ աշխարհասփիւռ իր կառոյցներով կը համախմբէ հայորդիները, ազգապահպան իր առաքելութեան շրջանակներէն ներս կ՚իրականացնէ կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական բազմաբնոյթ ծրագրեր, զորս կեանքի կը կոչէ սերտօրէն համագործակցելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ: 

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի կրթադաստիարակչական եւ հայրենաճանաչման ուղղեալ ամենամեայ նախաձեռնութիւնները, որոնց շնորհիւ սփիւռքահայ երիտասարդները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ճանչնալու եւ բացայայտելու Հայաստանը՝ անոր պատմութիւնը, հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հաղորդ դառնալու երկրի իրականութեան: Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը նկատեց, որ հայրենաճանաչութիւնը կարեւոր պայման մըն է ազգային ինքնութեան պահպանման եւ Հայաստանի նկատմամբ սիրոյ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան զօրացման տեսակէտէ:

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանէ ներս անցուած օրերը անջնջելի դրոշմ կը թողեն հայորդիներու հոգիներուն մէջ՝ զօրացնելով անոնց ազգային ոգին եւ գիտակցութիւնը, նաեւ դառնալով ներշնչանքի աղբիւր՝ Հայաստանէ ներս ձեռքբերուած գիտելիքներն ու փորձառութիւնը ծառայեցնելու իրենց համայնքներու շէնացման ու հայրենիքի բարօրութեան:

Շաբաթ, Յունիս 27, 2026