ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲՆՈՅԹԻՆ ՈՒ ԴԵՐԻՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կողմէ վերջին օրերուն նամակ մը ուղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին եւ երեսփոխաններուն։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնը հրապարակած է այս նամակը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2026-2031-ի ծրագիրը, որ փոխանցուած է Ազգային ժողովին, 20 օգոստոս 2026-ին, քննարկման եւ վաւերացման համար՝ կը պարունակէ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց մեկնաբանումը, կը գիտակցինք, թէ չի վերաբերիր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան:
Այն ինչ, որու պարագային մենք խորապէս մտահոգ ենք, կը վերաբերի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, որ դարեր շարունակ կենդանի պահած է քրիստոնէական հաւատքը աշխարհի տարածքին, պահած է հայ ինքնութիւնը եւ պահպանած է աշխարհատարած հայերու միասնականութիւնը: Հայ Եկեղեցին միշտ պահպանած է իր անկախ ինքնավարութիւնը՝ տրուած ըլլալով, որ հաւատացեալներու լայն մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս:
Ըստ պատմական իրողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իսկ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, նոյնպէս կրօնի ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ միջազգային կանոնական օրէնքին՝ կառավարութեան ծրագրին մէջ եկեղեցւոյ վերաբերեալ բաժինները՝ յատկապէս անոնք, որոնք կը վերաբերին Ծայրագոյն Պատրիարք ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ եկեղեցւոյ կանոնագրութեան որդեգրումին, հարցեր են, որոնք չեն կրնար տնօրինուիլ քաղաքական իշխանութեան կողմէ: Դարերէ ի վեր պահպանուած ինքնավարութեան այս սկզբունքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համաշարհային բնոյթին եւ դերին դրսեւորումն է:
Մեր յարգալիր խնդրանքն է, որ Ազգային ժողովը մերժէ այս խնդրին միջամտելու կառավարութեան առաջարկը՝ յարգելով Եկեղեցւոյ կառավարման վերաբերեալ հաստատուած եւ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած սկզբունքները: