ԱՆԵՐԵՐ ՈՒ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազանները վաղը դարձեալ դատարանի առջեւ պիտի կանգնին՝ իրենց դէմ արհեստական ու ծիծաղելի մեղադրանքներով ձեռնարկուած քրէական վարոյթին գծով։ Կասկած չկայ, որ դատական մարմինները կ՚ուղղորդուին իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք ակնյայտ կը թիրախաւորեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր նուիրապետութեան գլուխը՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։
Իշխանութիւններու եկեղեցահալած քաղաքակութեան ցաւալի դրսեւորումները շարունակուեցան վերջին օրերուն։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնը դարձաւ տխուր երեւոյթներու թատերաբեմը։ Կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու մասին։ Այս խնդիրը անհասկնալիօրէն ընդգրկուած է կառավարութեան ծրագրին մէջ։ Որպէս հետեւանք՝ համայն հայութիւնը ականատես դարձած է, որ հայոց պետութեան ամենաբարձր ամպիոնէն կը խօսուի Սահմանադրութեան ներհակ մտադրութիւններու մասին, որոնք ոտնձգութեան համազօր են՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հաւատացեալներու խղճի ազատութեան դէմ։
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն մասնակցեցան ԳՀԽ-ի անդամները, Հայաստանի եպիսկոպոսներն ու թեմակալ առաջնորդները։ Նիստի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական, կարգապահական խնդիրներն ու անոր առաքելութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ իրավիճակին։ Խորհրդակցութեան աւարտին հրապարակուեցաւ ԳՀԽ-ի յայտարարութիւն մը, ուր նշուած է հետեւեալը։
*
Խոր ցաւ կ՚ապրինք՝ հետեւելով նորակազմ Ազգային ժողովէն ներս վերջին օրերուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան դրսեւորած վարքագծին։
Տարակուսելի է, որ հայրենիքի առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներու եւ արտաքին վտանգաշատ պարտադրանքներու պայմաններուն ներքեւ իշխող ուժը սահմանուած պարտականութիւնները կատարելու փոխարէն՝ կառավարութեան ծրագրի քննարկման ընթացքին ակնյայտօրէն կ՚ոտնահարէ երկրի մայր օրէնքը, կ՚անտեսէ միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքները, վերստին կը թիրախաւորէ մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Սոյն քաղաքակութիւնը անխուսափելիօրէն պատճառ պիտի դառնայ առկայ լարուածութեան խորացման եւ նոր պառակտումներու առջեւ պիտի կանգնեցնէ մեր ժողովուրդը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ։
Եկեղեցին վարկաբեկելու, եկեղեցականները անուանարկելու եւ թուացեալ տագնապ յառաջ բերելու նկրտումներով իշխանութիւնները անկյայտ կեղծ մեղսագրումներ կը կատարեն Հայոց Եկեղեցիին՝ այս վերջինը մեղադրելով «օտար ազդեցութեան գործակալ» եւ «պետութեան մէջ պետութիւն» ըլլալու, ինչպէս նաեւ Արցախի աղօթական յիշատակումով, արցախահայութեան իրաւունքներու, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած հայորդիներու ազատ արձակման հարցերու արծածմամբ՝ «պատերազմի կուսակցութիւն» եւ «անվտանգութեան սպառնալիք» հանդիսանալու մէջ։ Ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Մայր Աթոռի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ հոգեւոր դասու դէմ շինծու մեղադրանքներով, անհիմն եւ ուղղորդուած քրէական հետապնդումներով արհեստական հիմքեր ստեղծել եկեղեցական ներքին կարգին ու կարգ ու կանոնին միջամտելու եւ Հայոց Եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը սահմանափակելու՝ այդպիսով ոտնահարելով հաւատացեալներու կրօնի եւ խղճի ազատութեան իրաւունքը։
Դատապարտելի նկատելով կատարուողը՝ ԳՀԽ կ՚արձանագրէ, որ Հայոց Եկեղեցւոյ շուրջ կը փորձուի ձեւաւորել արհեստական օրակարգ։
Կառավարութիւնը որեւէ լիազօրութիւն եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւասութիւն չունի եկեղեցւոյ բարենորոգութիւնը իր ծրագրին մաս դարձնելու, իր հայեցողութեամբ եկեղեցականներուն «առաջարկներ» եւ պահանջներ պարտադրելու։ Ազգային ժողովը իրաւասու եւ պատկան հարթակը չէ եկեղեցական ներքին հարցերու քննարկման։ Հայոց Եկեղեցւոյ բարենորոգութիւն չի կրնար կատարուիլ արտաքին ճնշումներով, սպառնալիքներով եւ նման կամայականութիւններով։ Իշխանութիւններու հակաեկեղեցական իրական մտադրութիւններու ցուցիչն են նաեւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դուրս թողուիլը հանրակրթական դպրոցներէն, Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերէն ներս հոգեւոր առաջնորդութեան լուծարումը, քրէակատարողական հիմնարկներէ ներս եկեղեցականներու հոգեւոր ծառայութեան կասեցումը, չհիմնաւորուած տուժերու եւ տուգանքներու կիրառմամբ եկեղեցիին յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը։
Հայոց Եկեղեցին՝ հաւատարիմ մնալով իր Տէրունաւանդ առաքելութեան, մշտապէս առաջնորդուած է եւ կ՚առաջնորդուի հայոց պետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի շահերով։ Հայոց Եկեղեցին պիտի շարունակէ ըլլալ պաշտպանը մեր ինքնութեան, ջատագովը ազգային միաբանութեան՝ ամենայն ջանք գործադրելով յանուն մեր ժողովուրդի խաղաղ, ապահով եւ յառաջընթաց կեանքի։