ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ԳՀԽ-Ի ԱՆԴԱՄ ՎԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻՐ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

Այսօր, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու հերթական դատավարութիւնը նախատեսուած է՝ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանէն ներս։ Նախապէս, դատաւորը անգործութիւն յայտարարած էր՝ մերժելով այս դատին քննարկումը։ Այժմ նոր նշանակուած դատաւորը պիտի քննէ թղթածրարը, որ պատրաստուած է Վեհափառ Հայրապետի եւ ԳՀԽ-ի անդամ վեց սրբազաններու քրէական վարոյթի հիման վրայ։ Նորին Սրբութեան եւ վեց սրբազաններուն դէմ կը հասցէագրուին՝ իսկապէս շինծու եւ ծիծաղելի մեղադրանքներ, որոնք կասկած չեն ձգեր, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ակնյայտօրէն կը թիրախաւորեն եկեղեցին եւ այդ քաղաքականութեան համապատասխան կ՚ուղղորդեն իրաւապահ համակարգը։ 

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ յատուկ յայտարարութեամբ՝ տեղեկացնելով, որ սոյն քրէական գործով նախնական դատալսումներու նիստը նշանակուած է այսօր, Հայաստանի ժամով՝ 16:30-ին։ Ըստ յայտարարութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 272-րդ յօդուածի 4-րդ մասով նախատեսուած իրաւունքով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ բարձրաստիճան հոգեւորականները դատավարութեան պիտի չմասնակցին։ Անոնց շահերը կը ներկայացնեն պաշտպանները։ 

«Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց եպիսկոպոսներու դէմ կիրառուող մեղադրանքը ապօրինի միջամտութիւն է եկեղեցւոյ ներքին կեանքին։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ եպիսկոպոսներու իրաւունքները պէտք է անյապաղ վերականգնուին եւ անոնց դէմ ապօրինի քրէական հետապնդումը պէտք է դադրեցուի», նշուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան յայտարարութեան մէջ։ 

Միւս կողմէ, այսօրուան դատավարութեան ընդառաջ, երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ հերթական զգայացունց յայտարարութեամբ՝ կառավարութեան նիստէն վերջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։ Ան մամլոյ սպասաւորներու ներկայութեամբ պնդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը պատուիրակութիւններ ուղարկած է դէպի երկրի զանազան գիւղերն ու բնակավայրերը՝ հասկնալու համար Հայաստանէ ներս յեղափոխութիւն մը իրականացնելու հնարաւորութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026